Համազգայինի աշուղական երեկոները վերջին տարիներուն աւանդութիւն դարձան՝ իրենց վայելած ընդունելութեան շնորհիւ: Այդ երեկոներուն ընդմէջէն մեր հայ աշուղներուն սիրուած երգերը կը հնչեն, հայ երգին ու երաժշտութեան հմայքը կը ջերմացնէ սրտերը, կը վերապրեցնէ ապրումներ ու յիշատակներ, եւ հայկական մեղեդին նոր ոճով ու նոր ձայներով կը հնչէ:
Արդարեւ, Ուրբաթ, 21 եւ Կիրակի, 22 Մայիս 2022-ին, հալէպահայ հանդիսատեսին հրամցուեցաւ Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» Մասնաճիւղի Երաժշտական Յանձնախումբին կազմակերպած «Աշուղական երեկոյ-2»-ը։
Ձեռնարկը նուիրուած էր հայ հանրածանօթ գուսաններու եւ աշուղներու՝ աշուղ Ջիւանիի, գուսան Աշոտի եւ գուսան Հաւասիի։
Խումբին գեղարուեստական ղեկավարն ու բոլոր կտորներու երաժշտական գործիքաւորման հեղինակը բժիշկ Ռաֆֆի Ապէճեանն էր: Ան փոքր տարիքէն նուիրուած է երգի եւ երաժշտութեան ու մինչեւ օրս, իր բժշկական մասնագիտութեան կողքին, կը շարունակէ այս մարզին մէջ եւս նորութիւններ մուծել:
2020-ին Ապէճեան ղեկավարեց Համազգայինի «Աշուշական երեկոյ-1»-ը, իսկ 2021-ին Համազգայինի Էսդրատային նուագախումբը։
Երեկոյին բացման խօսքով հանդիսավար Ռաքել Շահինեան ըսաւ. «Հայ ժողովուրդը ունի հարուստ մշակոյթ, որուն շնորհիւ եւս երկար տարիներ օտարութեան մէջ ան իր գոյութիւնը պահպանած է: Հայ ժողովրդական երգը ծնած է, երբ հայ գեղջուկը հողը օրհնած է, բերքը գովերգած է: Աշուղական երգերն ալ ծնած են աշուղներուն շրթներէն՝ պալատներ, դաշտեր ու խրճիթներ մտած ու անմահացած են»:
Արաբերէն բացման խօսքով հանդիսավար Քրիստ Փայասեան ըսաւ, որ Սուրիական Հայրենիքէն ներս տեւաբար առիթ ընծայուած է հայութեան պահելու հայ երգն ու մշակոյթը։
Երեկոն համախմբած էր երգի ու երաժշտութեան մարզերուն մէջ սիրողական, սակայն փորձառու կատարողներ ու մեներգողներ, որոնք գնահատելի որակ մը հրամցուցին հանդիսատեսին: Հետաքրքրական երեւոյթ էր նաեւ այն, որ երգողներու եւ նուագողներու մեծամասնութիւնը կը բաղկանար երիտասարդներէ, որոնք Հալէպի բժշկական, երկրաչափական, փաստաբանական եւ այլ համալսարաններու ուսանողներ էին ու միեւնոյն ատեն նուիրուած էին հայ երգին ու երաժշտութեան:
Յայտագիրի առաջին բաժինով ներկայացուեցան հետեւեալ երգերը. «Սասնայ Շորոր»- աշուղ Ջիւանի, «Էլ Ում Երգեմ»- գուսան Հաւասի, մեներգող՝ Բիւզանդ Պէպէճեան, «Սիւնեաց Սարեր»-գուսան Աշոտ, մեներգող՝ Ժաք Պօզեագալեան, «Ջաւախքի Սիրուն Աղջիկ»- գուսան Հաւասի, մեներգող՝ Մեղեդի Փամպուքեան, «Զանգեզուրի Չոլերը»-գուսան Աշոտ, մեներգող՝ բժ. Պերճ Գասապեան, «Ընծայ Խնձոր»-գուսան Հաւասի, մեներգող՝ Նայիրի Պարսումեան, նոյն գուսանէն՝ «Խօսիր Իմ Սազը», մեներգող՝ Մարիա Չիթճեան-Պայրամեան, «Գոլխոզի Ջոպան»-ը, մեներգող Կարօ Գուշաքճեան:
Յայտագրի երկրորդ մասով հնչեցին. գուսան Աշոտի «Անճիկար»-ը, մեներգող՝ Մեթր Խաչիկ Աշճեան, «Սարի Սիրուն Եար»-ը մեներգող՝ Լիւսի Յովհաննէսեան-Այվազեան, «Օճախում»-ը՝ Կասիա Պաղտիկեան, իսկ «Սարերի Եղնիկ»-ը՝ Ակաբէ Ֆրանքեան:
Հանդիսավարները մերթ ընդ մերթ տեղեկութիւններ ներկայացուցին յայտագիրի երաժշտական կտորներուն, գուսաններուն ու աշուղներուն մասին: Անոնք դիտել տուին, որ նախապէս հայ աշուղները կը կոչուէին գուսաններ. անոնց մասին ամենահին տեղեկութիւնը 5-րդ դարէն էր, իսկ անոնց արուեստը գերազանցապէս հայկական էր: Երբ Հայաստան պետականութիւնը կորսնցուց ու ինկաւ պարսկական, արաբական եւ օսմանեան լուծին տակ, հայ գուսաններու արուեստը կրեց այդ երկիրներու աշուղներու արուեստին ազդեցութիւնը, եւ գուսաններն ալ անուանուեցան աշուղներ («աշըղ» արաբերէն կը նշանակէ սիրահար):
Գուսաններուն պէս, աշուղներն ալ երգի կատարման հետ կը նուագէին որեւէ ժողովրդային նուագարան՝ սազ, քամանչա, թառ, նոյնիսկ ջութակ, որ քամանչայի պէս կը զետեղէին իրենց ձախ ծունկին վրայ: Աշուղներու երգերը բազմաբովանդակ էին՝ սիրային, բարոյախօսական, հերոսային, երգիծական, կատակային եւ այլն:
Այնուհետեւ յայտագիրը շարունակուեցաւ ու Մարինէ Մարգարեան երգեց գուսան Հաւասիի «Եայլաւոր Եարս», Սօսէ Սեմէրճեան եւ Ճորճ Պէրպէրեան հրամցուցին նոյն գուսանի «Խանդոտ Կինն ու Ամուսինը» զուգերգը:
Յատկանշական էր եզրափակիչ հարսանեկան երգը՝ «Հոռոմ»-ը, որուն մասնակցեցան բոլոր մենակատարները, իսկ նուագախումբին ընկերակցութիւնը հարստացուց կատարումները ընդհանրապէս:
Նուագախումբին մաս կը կազմէին քսան երաժիշտներ: Անոնք կը հնչեցնէին հայկական աւանդական գործիքներ, ինչպէս՝ տուտուկը, քանոնն ու սազը, ինչպէս նաեւ ժամանակակից լարային ու փողային գործիքներ։
Երգիչներն ու նուագողները ներդաշնակ կատարումով մեզ փոխադրեցին հայկական գաւառներ եւ վերակենդանացնելով աշունական եւ գուսանական երգարուեստի տարբեր նմոյշներ, խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեցին։
Աւարտին Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղի Վարչութեան անունով ատենապետ Գէորգ Աղպապեան խորհրդանշական յուշանուէրով մը պարգեւատրեց նուագախումբի ղեկավար Ռաֆֆի Ապէճեանը: Ապաճեան շնորհակալութիւն յայտնելով գնահատեց նաեւ մայեսթրա Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանը, որ բոլոր մենակատարներուն կատարողական կարելիութիւնները զարգացուցած է ձայնամարզութեան յատուկ դասերով, «Բ.Կանաչեան» երաժշ. դպրոցէն ներս:
Երեկոն փակուեցաւ Բերիոյ Թեմի առաջնորդի օգնական Հայր Մանուկ Աբղ. Պարիխանի «Պահպանիչ» աղօթքով:
Էլենա Աւագեան