Երեքշաբթի, 24 Մայիս 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Ղազախստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Այբէք Սամատեարի համաձայն, Սուրիոյ հարցով Ասթանայի բանակցութեան 18-րդ նիստը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Յունիս ամսուն կիսուն, Ղազախստանի մայրաքաղաք Նուր Սուլթանի մէջ։
Սամատեարով հաստատեց, որ Նախարարութիւնը մասնակից բոլոր կողմերուն հրաւէր առաքած է եւ կը սպասէ անոնց ընդառաջումին՝ ժողովին վերջնական թուականը ճշդելու համար։
Յիշենք, որ Սուրիոյ շուրջ Ասթանայի բանակցութեան վերջին նիստը տեղի ունեցաւ Դեկտեմբեր 2021-ին։