«Դիմադրութիւն» շարժումի մասնակիցները այսօր, 24 Մայիսին առաւօտեան հաւաքուած էին Ֆրանսայի հրապարակին վրայ, ուրկէ սկիզբ առաւ երթ Երեւանի փողոցներուն մէջ:
 
Անցնելով մայրաքաղաքի փողոցներէն, երթը հասաւ ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան շէնքը, ուր անոնց կը սպասէին պատ կազմած ոստիկանները:
 
ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց, որ ԱԳՆ չ՛առաջնորդուիր Հայաստանի ժողովուրդի շահերէն մեկնած, ուստի պէտք է շրջափակել շէնքի մուտքերը, որմէ ետք երթին մասնակիցները ճեղքելով ոստիկանական պատը մօտեցան ԱԳՆ-ի շէնքի մուտքը եւ սկսան վանկարկել՝ «Նիկո՛լ դաւաճան»: Ան հրահանգեց որեւէ այլ գործողութիւն չընել, միայն արգելափակել մուտքերը:
 
Ցոյցին մասնակիցները վայրկեաններու ընթացքին ճեղքեցին ոստիկանական պատն ու շրջափակեցին նախարարութեան շէնքի մուտքերը։
 
Իշխան Սաղաթէլեան Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մէջ աշխատող բազմաթիւ պատրաստուած դիւանագէտներուն կոչ ուղղեց տարանջատուիլ Նիկոլէն, չկրել այն դավաճանութեան պատասխանատուութիւնը, որ ինքը ստանձնած է։
 
«Այս շրջափակումով ցոյց կու տանք, որ այս շէնքի իւրաքանչիւր աշխատանք հակապետական է, դէմ է մեր շահերուն։ Կրկին կոչ կ’ուղղեմ մեր հայրենակիցներուն՝ գալու, միանալու մեզի, միասնաբար արգելափակելու նախարարութիւններուն շէնքերը՝ Կրթութեան Նախարարութեան շէնքը, որ տարիներ առաջ սկսաւ նաեւ պայքարը մեր եկեղեցւոյ, մշակոյթին, մեր ազգային արժեքներուն նկատմամբ։ Ասոնք բոլորը այսօր կը ծառայեն թշնամիին եւ մենք մեր վրդովմունքը կ’արտայայտեմ», յայտարարեց Իշխան Սաղաթէլեան։
 
Ցոյցին մասնակիցները Արցախի դրօշներ փակցուցին շրջափակուած Արտաքին Գործոց Նախարարութեան շէնքին վրայ։
 
«Հայաստանի նորագոյն պատմութեան մէջ առաջին անգամ Հայաստանի թիւ մէկ պաշտօնեան Արցախի մասին, Արցախի ինքնորոշման մասին ոչ մէկ բառ չ’ըսեր», յայտարարեց «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արամ Վարդեւանեան՝ անդրադառնալով պրիւքսէլեան յայտարարութեան։
 
«Հայաստանի իշխանութիւնը պէտք է ըլլայ այնպիսին, որ պաշտպանէ Արցախի շահը։ Կ’ակնկալուի, որ մեր նորագոյն պատմութեան մէջ առաջին անգամ արդէն Հայաստանի իշխանութենէն պէտք է պահանջենք նաեւ Հայաստանը պաշտպանել։ Պրիւքսէլեան «համաձայնութեամբ» արդէն Հայաստանի սահմանները հարց կ’ունենան», ըսաւ Վարդեւանեան։
 
Մեր պայքարը յանուն Հայաստանի, յանուն Արցախի է ու մեր պայքարին մէջ ետ քայլ չկայ», ըսաւ ան։
 
Ցուցարարները կը շարունակեն շրջափակուած պահել Արտաքին Գործոց Նախարարութեան շէնքը․ Անոնք պարբերաբար վանկարկած են՝ «Նիկոլ, դաւաճան», «առանց թուրքի Հայաստան»։
 
ԱԺ ընդդիմադիր պատգամաւորները կը պատրաստուին մտնել Արտաքին Գործոց Նախարարութեան շէնք։
 
«Կայ առաջարկութիւն, որ ԱԺ ընդդիմադիր պատգամաւորները բարձրանան ԱԳՆ եւ մօտէն բոլոր պաշտօնեաներուն փոխանցեն, որ Արցախը յանձնելու իրաւունք չունին եւ Արցախը չի կրնար ըլլալ Ատրպէյճանի կազմին մէջ», յայտարարեց Իշխան Սաղաթէլեան։
 
Նշենք, որ աւելի ուշ, նախքան երթը Իշխան Սաղաթէլեան տեղեկացուցած էր․ Այս պահուն դաւաճանին հրահանգով ոստիկանութիւնը խուզարկութիւններ կ’իրականացնէ Տաւուշի,Կոտայքի, Գեղարքունիքի մարզերուն մէջ՝ ՀՅԴ անդամներէն շատերու բնակարաններուն մէջ։