Իջէք, իջէք երազներ,
Իջէք զգոյշ երազներ,
Շոյող անուշ երազներ,
Իջէք քնքոյշ երազներ,
Ծաղիկ, կանաչ, թարմ յոյսեր
Բախտի կարկաչ ու յոյսեր,
Դող ու անցուկ ու կարօտ,
Ծածուկ արցունք վարանոտ,
Խելքի, մտքի հակասում,
Միշտ նոր կեանքի սպասում…
Իջէք, իջէք երազներ,
Իջէք զգոյշ երազներ,
Շոյող անուշ երազներ,
Իջէք քնքուշ երազներ,
Գգուանք, ժպիտ, գոյն ու բոյր,
Աչեր վճիտ ու համբոյր,
Իղձեր անվերջ, անմեկին,
Տագնապ ու տենչ մոլեգին,
Օրօր, գրգիռ ու յոյզեր,
Սրտի թրթիռ, երգ ու սէր…
Իջէք, իջէք երազներ,
Իջէք զգոյշ երազներ,
Շոյող անուշ երազներ,
Իջէք քնքոյշ երազներ,
Աստղեր թովիչ, բոց ու կայծ,
Ցնորքներ վառ ու առկայծ,
Հաւատ ուժի, մեծութեան,
Փառքի, կամքի գոյութեան,
Շռինդ, թնդիւն, հպարտանք,
Իմաստութիւն… բիւր պատրանք:
Իջէք, իջէք երազներ,
Իջէք զգոյշ երազներ,
Շոյող անուշ երազներ,
Իջէք քնքոյշ երազներ:
Լեւոն Շանթ
«Հին Աստուածներ»