Ամէն տանտիկին խոհանոցի իրերուն մէջ հաւանաբար ունենայ տապակ մը, որ յաճախ կը գործածէ, որովհետեւ (ըստ իրեն) տապկուած գետնախնձորն ու այլ բաները աւելի համեղ կը դառնան։
Այսպիսի տապակի յատակը (կրակին ենթակայ մասը) յաճախակի գործածումէն կ’աղտոտի, կը սեւնայ ու մաքրելը այնքան ալ դիւրին չ’ըլլար։ Բայց եթէ փորձենք յատակը պատել աղի հաստ շերտերով եւ ձգել 20 վայրկեան, ապա շերտուած հում գետնախնձորով մաքրենք զայն, կը ստանանք փայլուն տապակ մը, որուն մետաղը չէ վնասուած ճեղքերով։
Աղը կը ծառայէ իբրեւ աղտը քայքայող նիւթ, իսկ գետնախնձորը կը փափուկցնէ եւ հեշտութեամբ կը մաքրէ մուրը։