Բաղադրութիւն
500 կրամ շերտաւոր խմոր
1/2 քիլօ գետնախնձոր
200 կրամ խոզապուխտ (կամ որեւէ տեսակի միս)
200 կրամ մոզարելլա պանիր
1 հաւկիթ
1/2 տրցակ ազատքեղ
պտղունց մը աղ
Պատրաստութիւն
Գետնախնձորը (խաշուած) ճզմել, աւելցնել աղը, խորանարդաձեւ մանրուած խոզապուխտը, մանրուած ազատքեղը, տաշուած պանիրը եւ լաւ խառնել։ Այս միջուկը գունդերու վերածել։ Խմորը բանալ եւ պզտիկ քառակուսիներու բաժնել։ Իւրաքանչիւրին մէջ գունդ մը զետեղել, ապա խմորին անկիւնները միացնել։
Փուռի ափսէին յատակը քիչ մը ձէթ քսել եւ պատրաստուած գունդերը տեղաւորել անոր մէջ։ Իւրաքանչիւր գունդի երեսը դանակով խաչաձեւ ճեղքել եւ քիչ մը պանիր աւելցնել։ Վրան հաւկիթ քսել ու տաք փուռին մէջ եփել 180 ջերմաստիճան տաքութեամբ, մինչեւ որ լաւ կարմրի եւ ծաղիկի նման բացուի։
Բարի ախորժակ