ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Սուրիոյ պասքեթի աւարտական քառեակի մրցումներուն, Դամասկոսի մէջ Ուահտէ եւ Քարամէ խումբերը հանդիպեցան երկու անգամ: Առաջինին Ուահտէն կրցաւ յաղթել 82-75 արդիւնքով, իսկ երկրորդ հանդիպումը աւարտեցաւ ի նպաստ Քարամէին 89-74 արդիւնքով: Հալէպի Համատանիէի մարզահամալիրին մէջ Իթթիհատը յաջողեցաւ 83-67 արդիւնքով պարտութեան մատնել Ճալաաը:
-Ասիոյ ֆութպոլի ախոյեանական մրցումներուն Սուրիոյ ներկայացուցիչ Ճապլէն 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լիբանանի ալ-Անսարին, իսկ Թշրինը 2-0 արդիւնքով զիջեցաւ Պահրէյնի Մուհարրաքին:

 

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ԱՆԳԱՄ ԸԼԼԱԼՈՎ ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ՍԻԹԻՆ ԱՆԳԼԻՈՅ ԱԽՈՅԵԱՆ
Կիրակի երեկոյեան Մանչեսթըր Սիթին յաջողեցաւ իր պատմութեան մէջ 8-րդ անգամ ըլլալով տիրանալ Անգլիոյ ախոյեանութեան: Ալ-Իթթիհատ մարզադաշտին վրայ Սիթին հիւրընկալեց Ասթոն Վիլան: 37-րդ վայրկեանին Մանի Քաշի միջոցաւ Ասթոն Վիլա նշանակեց առաջին կոլը: 69-րդ վայրկեանին Ֆիլիփ Քոթինիօն կրկնապատկեց արդիւնքը: 76-րդ վայրկեանէն ետք, հանդիպումին ընթացքը ենթարկուեցաւ փոփոխութեան. 76-78-81-րդ վայրկեաններուն Ռոտրիկօ եւ Իլքայ Կիւնտողան նշանակեցին Սիթիի յաղթանակի կոլերը, որոնց շնորհիւ կազմը ձեռք ձգեց Անգլիոյ ախոյեանութեան տիտղոսը:

 

ԷՄՓԱՓԷՆ ՄՆԱՑ ՓԱՐԻԶ ՍԱՆ ԺԵՐՄԱՆԻ ՀԵՏ
Աշխարհի ախոյեան, Ֆրանսայի հաւաքականի 23-տարեկան յարձակող Քիլիան Էմփափէն նոր պայմանագրութիւն ստորագրեց Ֆրանսայի ախոյեան Սան Ժերմանի հետ, որուն հետ պիտի մնայ մինչեւ 2025 տարեշրջանի աւարտը: Երկար բանակցութիւններէ ետք, Սան Ժերմանի ղեկավարները կրցան համոզել Էմփափէն մնալ փարիզեան խումբին հետ: Ան իր կարգին Սպանիոյ Ռէալ Մատրիտի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերէզը տեղեկացուց, որ ան ընդունած է Սան Ժերմանի առաջարկը: Աւելի ուշ Eurosport-ը յայտնեց, որ Էմփափէն պիտի ստանայ տարեկան 100 միլիոն եւրօ, իսկ

Փարիզ Սան Ժերմանին հետ մնալուն համար՝ 300 միլիոն եւրօ նուէր: Ակումբը Էմփափէին առաջարկած է նաեւ դառնալ ակումբի համասեփականատէր եւ ձայնի իրաւունք ունենալ խումբի գլխաւոր մարզիչի փոփոխութեան եւ ակումբի խաղացողները որոշելու քաղաքականութեան մէջ։ Վերջին տարին Էմփափէն խումբին հետ մաս կազմած է 45 հանդիպումներու, նշանակելով 36 կոլ:

Պատրաստեց՝ Ռաֆֆի Սիւլահեան