«Զաւարեան» Համալիրը կը խայտար ու աննախընթաց բերկրանքի եւ ցնծութեան պահ մը կ’ապրէր ի տես իր յարկին տակ դամասկահայութեան համախմբումին։
 
Արդարեւ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Եպս. Զօպուեանի բարձր հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ «Ահարոնեան» կեդրոնի վարչութեան, Ուրբաթ, 27 Մայիս 2022-ի յետմիջօրէին «Զաւարեան» Համալիրէն ներս կատարուեցաւ պաշտօնական բացումն ու անուանակոչութիւնը ճեմարանի ներքնասրահին, որ անուանուեցաւ «Արփի Կարապետ Պետիկեան» սրահ, ի պանծացումն կրթական մշակ, վաստակտաշատ օրդ.Արփի Պետիկեանի յիշատակին։
 
Ազգ. Միացեալ ճեմարանի շրջափակին մէջ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանն ու անոր ընկերակցող ազգ. պատուիրակութիւնը ջերմապէս դիմաւորուեցան ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, աշակերտներու, ծնողներու եւ ազգայիններու հոծ բազմութեան կողմէ։
 
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հայաստանէն ժամանած ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Բիւրոյի հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան, Հալէպէն ազգայիններ՝ Վրէժ Եագուպեան, Յարութ Հայրապետեան, Աւետիս Գաթրճեան եւ Միհրան Վաէդապետեան, Ազգ.Վարչութեան ատենապետ Սունպուլ Սունպուլեան, ազգային բարերար Սուրէն Վարդանեան։ Ներկայ էին նաեւ «Ահարոնեան» կեդրոնի պատասխանատու Արմէն Ուրֆալեան, կրթական պատասխանատուներ եւ հիւրեր։
 
Շեփորախումբը հնչեցուց Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգները։ Ապա ներկաները ուղղուեցան ներքնասրահ։ Մուտքին հայկական տարազով երկու պարմանուհիներ դիմաւորեցին Սրբազան Հայրն ու հիւրերը, ապա կատարուեցաւ ժապաւէնի հատումն ու սրահի օրհնութիւնը Սրբազան Հօր ձեռամբ։
 
Ճեմարանի տնօրէնուհի Ծովակ Պաղպուտարեան բարի գալուստ մաղթեց Սրբազան Հօր եւ հիւրերուն ու հակիրճ կերպով անդրադարձաւ օրդ. Արփի Պետիկեանի կենսագրականին, աւելի քան կէս դարու բեղուն վաստակին ու նուիրուածութեան կրթական ոլորտէն ներս ու ըսաւ .«Այսօր, այս սրահին բացումով մեր բոյնը ամբողջացուցած ենք, զայն շիւղ առ շիւղ հաւաքելով ու հին բոյնը յիշելով, երգելով նոր բոյնը շինած ենք։ Սերունդներու սիրելի դաստիարակին՝ օրդ. Արփիին, նիւթական եւ բարոյական ժառանգը այսօր մարմնաւորուեցաւ այս խորանին մէջ, անմահացնելով անոր ծառայութիւնն ու կրթական վաստակը»։ Ապա տեսերիզի ցուցադրութեամբ ներկայացուեցաւ օրդ.Արփի Պետիկեանի կեանքին փուլերը, որպէս Միացեալ վարժարանի հայերէնաւանդ ուսուցչուհի եւ երկար տարիներու տնօրէնուհի, ինչպէս նաեւ գաղութի կողմէ իր վայելած համակրանքն ու գնահատանքը, ստացած պատուոյ շքանշանները եւ վերջապէս սերունդներու հայապահպանման առաքելութեան մէջ իր ունեցած յոյժ կարեւոր ներդրումը։
 
Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան իր սրտի խօսքը ուղղեց ներկաներուն։ Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնութիւնն ու բարձր գնահատանքը յայտնեց բոլորին, հայապահպանման հզօր կառոյց մը, հայակերտումի դարբնոց մը` Ազգ.Միացեալ ճեմարանը ունենալնուն համար ըսելով. «Բախտաւոր պէտք է զգաք դուք ձեզ, որ Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ ունիք նման հսկայ ու հզօր կառոյց մը` Ազգ.Միացեալ ճեմարանը, ուր մեր նոր սերունդի զաւակները կը յաճախեն ստանալով անհրաժեշտ գիտութիւնն ու հայեցի կրթութիւնը, երաշխաւորելով մեր համայնքի ու ազգի ապագան»։
Տէր Մասիս դրուատելով հանգուցեալ օրդ. Արփի Պետիկեանի համակ կեանքի նուիրումն ու զոհողութիւնը կրթական ոլորտէն ներս, վեր առնելով դամասկահայ գաղութին համար անոր տարած հայապահպանման աշխատանքը ըսաւ. «Այսօր իւրաքանչիւրդ հպարտ եւ գօտեպնդուած պէտք է զգաք օրդ.Արփիով, որուն անունով մկրտուեցաւ այս սրահը, որպէսզի անոր յիշատակը միշտ կենդանի մնայ մեզմէ իւրաքանչիւրին եւ մանաւանդ մեր նոր սերունդի զաւակներուն յիշողութեան մէջ»։
 
Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ կարեւորութեամբ շեշտեց սփիւռքի մէջ մեր ազգային կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու ազգապահպան առաքելութեան ու դերակատարութեան կեսականութիւնը ըսելով. «Այսօր ձեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է առաւել գօտեպնդուի եւ հպարտանայ մեր ազգային կառոյցներով, որոնք նուիրումով կը գործեն, որպէսզի սփիւռքը, սուրիահայութիւնը շարունակէ իր յաղթական երթը, այն երթը, որուն հիմերը դրին մեր նախահայրերը եւ այս երկիրը ցեղասպանութենէն ետք ծաղկեցուցին»։
 
Անդրադառնալով վերջին օրերուն Մեծի Տանն Կիլկիոյ Վեհափառ Հայրապետին Տէր Զօր ուխտագնացութեան, Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ Տէր Զօրի ցեղասպանութեան յուշահամալիրը կենդանի եւ պերճախօս վկան կը հանդիսանայ հայ ժողովուրդի յարութեան։ Հայը վճռեց յարութեան ապրումով ու շունչով շարունակելու յաղթական երթը, կառուցելու քանդուածը, երբ թշնամին քանդեց հոն, մենք կառուցեցինք հոս, ըսաւ Սրբազան Հայրը։ Ան սրահի բացումը համարեց պատասխան դարաւոր մեր թշնամիին՝ թուրքին, որ իր հզօր ուժերով փորձեց քանդել հայուն կամքը, սակայն հայը իր հաւաքական կամքով ու տեսիլքով վերականգնեցաւ։
 
Մասիս Եպիսկոպոս բարձր գնահատեց «Ահարոնեան» կեդրոնի տարած հաւաքական աշխատանքը՝ շարունակելու համախմբումը նորահաս սերունդին, երիտասարդութեան ու ժողովուրդին «Զաւարեան» համալիրի նուիրական յարկին տակ։ Ան երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Սուրիոյ վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշար ալ-Ասատին, անգամ մը եւս հաստատելով, որ սուրիահայութիւնը գիտակցութեամբ, հաւատքով եւ յոյսով պիտի շարունակէ իր ծառայութիւնը Սուրիական Հայրենիքէն ներս։
Սրբան Հայրը իր խօսքը եզրափակեց յարգանքի ու խոնարհումի ջերմ արտայայտութիւններով օրդ.Արփի Պետիկեանի վաստակին եւ անմար յիշատակին։
 
Սոնա Անտրեան