«Դիմադրութիւն» շարժումի մասնակիցները այսօր՝ 30 Մայիսին հերթական անհնազանդութեան ցոյց իրականացուցած են Երեւանի մէջ: Անոնք հաւաքուած են Ֆրանսայի հրապարակին վրայ, ապա երթ սկսած են:
 
«Փաստաթուղթը հրապարակած ենք․ սա յստակ կարելիութիւն է, որ բոլորը իրենց դիրքորոշումը յայտնեն այն հայանպաստ փաստաթուղթին եւ ջնջին պահանջներուն համար, որ այսօր դրուած է սեղանին», երթի մեկնարկէն առաջ յայտարարեց ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան։
 
Ան տեղեկացուց, որ երթով կ’ուղղուին տարբեր նախարարութիւններ, պետական գերատեսչութիւններ։ Ընդդիմադիր պատգամաւորները յստակ պիտի դնեն հարցը՝ պիտի հասկնանք՝ ով պիտի բաժնեկցի այս պատասխանատուութիւնը, ու ով ինչ դիրքորոշում ունի։
 
“Սա նաեւ լաւ կարելիութիւն է շատ պաշտօններ ստանձնող անձերուն՝ տարանջատուելու Նիկոլէն եւ չկրելու այս պատասխանատուութիւնը”, ըսաւ ան։
 
Երթը կանգ առաւ Կառավարութեան 3-րդ մասնաշէնքին առջեւ. “Խորհրդարանական երկու ընդդիմադիր խմբակցութեան պատգամաւորներ պիտի բարձրանան նախարարութիւններու շէնք՝ պիտի հանդիպին որոշ նախարարներուն եւ պիտի հասկնկան՝ իրենք կո՞ղմ են, թէ՞ դէմ յայտարարութեան”, ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:
 
Կառավարութեան 3-րդ մասնաշէնքի մուտքին մեծ թիւով ոստիկաններ շղթայ կազմելով փակած են մուտքը:
 
 
Ցոյցին մասնակիցները սկսան վանկարկել «Նիկոլ դաւաճան», «Նիկոլ հողատու», «Առանց թուրքի Հայաստան», «Նիկոլ, կանգնէ պատի տակ»։
 
Ոստիկաններուն թիւը աւելցաւ․ այստեղ եկան բազմաթիւ կարմիրբերետաւորներ։ Հրմշտոց սկսաւ ցոյցի մասնակիցներուն ու ոստիկանութեան աշխատակիցներուն միջեւ։ Քիչ անց ոստիկանները ետ քաշուեցան, իրավիճակը հանդարտեցաւ։
 
Ոստիկանները խաղաղ ցոյցի մասնակիցներէն քանի մը հատը բերման ենթարկեցին։ «Դիմադրութիւն» շարժումը աւարտեցաւ ցոյցով Կառավարական 3-րդ մասնաշէնքին մօտ։
 
Ընդդիմադիր պատգամաւորներուն թոյլ չտուին մտնել շէնք՝ հանդիպելու նախարարներուն։ Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց․ իրենց տեղեկութիւններով նախարարները իրենց տեղը չեն, այդպիսով անոնք կողմ են, որ Արցախը մնայ Ատրպէյճանի կազմին մէջ։
 
Սաղաթէլեան ցոյցի մասնակիցներուն կոչ ուղղեց երթը շարունակել։
 
Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Աշոտ Սիմոնեան ըսաւ․ “Ակնյայտ է, որ կառավարութեան անդամները անգամ մը եւս փաստեցին, որ իրենք գերի են այս իշխանության ձեռքը, չունին համարձակութիւն սեփական կարծիքը յայտնելու։
 
Շարժման մասնակիցները երթով ուղղուեցան Հանրապետութեան փողոցէն: Անոնք քայլերթ կատարեցին Կառավարութեան շէնքին շուրջ եւ կրկին վերադարձան Կառավարութեան 3-րդ մասնաշէնքին մօտ․ իրավիճակը այստեղ կրկին լարուեցաւ, բախումներ սկսան ցուցարարներու ու ոստիկաններու միջեւ:
 
Բախումներուն հետեւանքով պատառոտուեցաւ Իշխան Սաղաթէլեանին շապիկը՝ ինքնազգացողութիւնը վատացավ։
 
Ոստիկանները բռնի ուժ կիրառած են yerkir.am-ի գլխաւոր խմբագիր Վահէ Սարգսեանին նկատմամբ․ հարուածներ տուած են մարմնի տարբեր հատուածներուն, պատռած են վերնաշապիկն ու փորձած են բերման ենթարկել։
 
Ոստիկաններու բիրտ գործողութիւններու հետեւանքով շատ քաղաքացիներ տարբեր աստիճանի մարմնական վնասուածքներ ստացած են, ուրիշբեր տեղափոխապ են հիւանդանոց: Կան բազմաթիւ բերման ենթարկուածներ։
 
Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող քաղաքացիները երթով վերադարձան Ֆրանսայի հրապարակ: