Երկուշաթբի, 30 Մայիս 2022-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեանը, որ այս օրերուն կը գտնուի Հալէպ:
 
Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Բերիոյ Թեմի Նպաստից Մարմնի պատասխանատու Յարութ Հայրապետեան եւ Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետ Քրիստ Հապոյեան:
 
Հանդիպումին արծարծուեցան համահայկական զանազան խնդիրներ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ ներկայ իրավիճակը: Սրբազան Հայրը անդրադարձ կատարեց սուրիահայութեան դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրներուն, յատկապէս տնտեսական դժուար պայմաններուն:
 
Իր կարգին, Կիրօ Մանոյեան գնահատեց թեմի աշխոյժ գործունէութիւնը եւ սուրիահայութեան մաղթեց բարեբեր եւ ծաղկուն տարիներ:
 
Ապա, Կիրօ Մանոյեան Սրբազան Հօր հետ ընկերակցութեամբ այցելեց Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցի եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց ի տես պատմական արժէք ներկայացնող եկեղեցին եւ անոր շրջակայքը աշխուժացնելու համար տարուած աշխատանքին:
 
Յիշենք, որ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը իր մասնակցութիւնը բերաւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին դէպի համազգային ուխտավայր՝ Տէր Զօր կատարած ուխտագնացութեան, ՀՄԸՄ-ի մարզաւանի բացման հանդիսութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Անկախութեան 104-ամեակին առիթով տեղի ունեցած Հանրապետական մաղթանքին եւ ժողովրդային տօնակատարութիւններուն: