«Թերթ»._Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն վերահաստատած է Ֆրանսայի անսասան յանձնառութիւնը խաղաղութեան համաձայնագիրի բանակցութիւններուն եւ Ատրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման սատար կանգնելու։ Այս մասին ըսուած է Մաքրոնի շնորհաւորական նամակին մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին 28 Մայիսին՝ Անկախութեան օրուան առիթով։ «Վստահ եղէք, որ ես սատար կը կանգնիմ վերջին ամիսներուն ի յայտ եկած դրական աշխուժութեան եւ ձեռք բերուած արդիւնքներուն թէ՛ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ուղիղ կապերու հաստատման, թէ՛ սահմանային հարցերով երկկողմ յանձնաժողովի ստեղծման գծով։ Վստահութեան մթնոլորտի ստեղծումը կարեւոր է տարածաշրջանի խաղաղութեան համար», ըսած է Մաքրոն։