Երեքշաբթի, 31 Մայիսին Երեւանի Ֆրանսայի հրապարակին մէջ տեղի ունեցաւ «Դիմադրութիւն» շարժման հանրահաւաքը:
Ելոյթներով հանդէս եկան բժիշկ, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան երիտասարդական կազմակերպութեան անդամ Կամսար Բադալեան, Սահմանադրական դատարանի աշխատակազմի նախկին ղեկավար Էտկար Ղազարեան, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ Արեգնազ Մանուկեան եւ Ասպրամ Կրպէեան:
Կրպէեան յայտարարեց, որ իրենք Երեւանի պետական համալսարանին մէջ արձանագրած են, որ Երեւանի պետական համալսարանի նախագահի պաշտօնը զբաղեցուցած անձը վախկոտ է, հակահայաստանեան ներկայացուցիչ է, դէմ է հայ մարդու կարմիր գիծերը ամրագրող փաստաթուղթին:
Ան խօսեցաւ նաեւ ոստիկանի կերպարին մասին եւ ըսաւ, որ խաղաղ ցուցարարներուն նկատմամբ բիրտ ուժ կիրարկող ոստիկանները ոչինչով կը տարբերին խաղաղ հայ բնակչութեան նկատմամբ բռնութիւն կիրարկած ատրպէյճանցիներէն:
Այնուհետեւ «Առանց Նիկոլ Հայաստան», «Առանց թուրքի Հայաստան», «Միութիւն, պայքար, յաղթանակ» վանկարկումներով «Դիմադրութիւն» շարժման մասնակիցները քայլերթ կատարեցին Երեւանի կեդրոնական փողոցներուն մէջ:
Երթի ընթացքին կը հնչէին հայրենասիրական երգեր, յաղթական պայքարին միանալու կոչեր:
Քայլերթէն ետք Ֆրանսայի հրապարակին մէջ հանրահաւաքը շարունակուեցաւ:
Ներկայացուեցան տեսահոլովակներ` Սփիւռքի մէջ «Դիմադրութիւն» շարժման ի նպաստ զօրակցութեան հաւաքներուն մասին:
«Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւոր Հայկ Մամիջանեան ելոյթ ունենալով յայտարարեց. Անցնող օրերուն մեր ամբողջ ներքաղաքական կեանքը կը պտտէր երկու ընդդիմադիր խմբակցութիւններու յայտարարութեան շուրջ, ու այդպէս ալ պէտք է ըլլայ, որովհետեւ Հայաստանի ներքաղաքական կեանքը պէտք է կեդրոնանայ հայկական օրակարգի շուրջ, ոչ թէ սնդիկի մասին օրէնքի, զանգուածային լրատուամիջոցներու սահմանափակումներու, մէկ ալ այս երեսանցներուն անվտանգութեան երաշխիքներ տալու շուրջ: Մենք կը խօսինք այն մասին, որ Հայաստանը պարտաւոր է աջակցիլ Արցախի ինքնորոշումին, որ Արցախը երբեք պիտի չըլլայ Ատրպէյճանի կազմին մէջ, սակայն իշխանութեան ներկայացուցիչներէն ոչ մէկը համարձակութիւն ունեցաւ արտաբերել այդ ձեւակերպումը:
Ան անդրադարձաւ նաեւ յայտարարութեան այլ պահանջներուն, անոնցմէ մէկը յուսալի ցամաքային կապն է Արցախի հետ:
Մամիջանեան նշեց նաեւ, որ իրենք յայտարարութեամբ կը պահանջեն Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ Արցախի անվտանգութեան եւ ինքնորոշման երաշխիքներ, մինչդեռ Հայաստանի իշխանութիւնները այսօր Արցախին միայն ելեւմտական օգնութիւն կը յատկացնեն, վերածուած են հասարակական կազմակերպութեան, իսկ անվտանգութեան ուղղութեամբ ոչինչ կ’ընեն:
Ցուցադրուեցաւ տեսահոլովակ մը՝ «Դիմադրութիւն» շարժման կազմակերպած նախանցեալ օրուան եւ երէկուան կարեւոր գործողութիւններուն մասին:
Հանրահաւաքի աւարտին եզրափակիչ խօսքով ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, յայտարարելով որ Յունիս 1-ին «Դիմադրութիւն» շարժման ներկայացուցիչները կը հանդիպին շուրջ 30 կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, ինչպէս նաեւ հանդիպումներ կ’ունենան Գրողներու Միութեան, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի, գիտական, կրթական հաստատութիւններու ղեկավարներուն հետ՝ պարզելու անոնց դիրքորոշումը Ազգային ժողովին ներկայացուած յայտարարութեան բնագիրին շուրջ:
Ժամը 17:00-ին Ֆրանսայի հրապարակէն պիտի ըլլայ երթ կիներու եւ երեխաներու մասնակցութեամբ: