Ամէն անգամ որ օդանաւը վայրէջք կատարէր Երեւանի օդակայան, անզսպելի ուրախութիւն մը կ’ողողէր զիս. անշուշտ մարդ երբ ամառնային ճամբորդութեան կ’երթայ, օդանաւ նստած րոպէին իսկ կը մոռնայ իր սովորական, աշխատանքային առօրեան եւ կարծես վրայէն հանելով ձմեռնային ծանր վերարկուները, թեթեւցած հոգիով եւ ուրախութեամբ կը սկսի իր ճամբորդութեան: Իսկ երբ ճամբորդութիւնդ դէպի տուն է, այն տունը, որ երազեր ես ունենալ ու հիմա կ’երազես որ մշտական տունդ դառնայ օր մը, այն ատեն ճամբորդութիւնը կը դառնայ երջանկութեան վազք մը դէպի երազդ, մանուկի մը պէս որ կը վազէ անձրեւին տակ կամարուած ծիածանը բռնելու, գոնէ անոր գոյներէն մէկն ու մէկին դպչելու:
Այս անգամ սակայն դժուար էր Հայաստան գալը: Գոցեր էի էութեանս դռներն ու պատուհանները եւ կը փորձէի չտեսնել, թէ ինչպէ՛ս ոստիկանները փողոցներուն մէջ կը ծեծեն ծերերը, կիներն ու մանր տղաքը:
Անկախութենէն ետք, երկրին ժխտականները ուրախութեամբ կը լեցնէին զիս, որովհետեւ կը հաստատէին թէ մեր երկիրը եւս, բոլոր երկիրներուն նման, բնականոն երկիր մըն է, ուր դրականներուն կողքին ժխտականներ ալ կան, ուր գեղեցիկ տեսարաններուն կողքին կան աղբակոյտեր, ուր ազնուագոյն մարդոց կողքին կ’ապրին նաեւ մարդկային ամէնէն վատ տեսակի արարածներ: Բայց ի վերջոյ բնական քաղաք մը կամ երկիր մը այդպիսին պէտք է ըլլայ:
Ընդունելի չէ անշուշտ, որ բնական երկրի/քաղաքի մը մէջ, ի՛նչ ալ ըլլան պարագաներն ու պատճառները, երիտասարդ տղամարդիկ ձեռք բարձրացնեն ծեր տղամարդոց կամ կիներու վրայ: Կիներու վրայ՝ ընդհանրապէս: Այս «կին ծեծել»ու երեւոյթն ալ Հայաստանի ամէնէն ծանր խնդիրներէն մէկն է:
Հարցը այլ է:
Այստեղ եմ, կը տեսնեմ թէ ի՛նչ է երկրին առօրեան այսօր: Առերեւոյթ մէկ կողմէ ցոյցեր կ’ընթանան, մարդիկ առաւօտուն կ’երթան կը մասնակցին ցոյցին, յետոյ աշխատանքի կ’երթան, իրիկուան կրկին ցոյցի ու ետքը, յոգնաբեկ օրէ մը ետք, տուն կ’երթան հանգստանալու: Միւս կողմէ բնականոն կեանք մը կը շարունակուի քաղաքին մէջ: Այս բնականոնն ալ  պէտք է չակերտել. «բնականոն» կեանք մը կը շարունակուի քաղաքին մէջ, խանութները՝ պարէնի թէ այլ, լեցուն են,  ի վերջոյ մարդիկ պիտի ապրին, բայց թէ ճաշարաններն ու սրճարանները լեցուն են, թէ այս ամբողջին մէջ գեղարուեստական ձեռնարկներ, ելոյթներ, ցուցահանդէսներ տեղի կ’ունենան, քիչ մը հասկնալի չէ, երբ մտածենք թէ մեր երկրին, մեր միակ հայրենիքին ապագան է որ այսօր կ’որոշուի, պիտի որոշուի, կամ որոշուած է արդէն:
Ասիկա ալ իմ մեծ ցաւերէս մէկն է՝ մենք, որպէս ժողովուրդ ոչինչ գիտենք եւ ինչ որ գիտենք (պաշտօնական թէ անպաշտօն տեղեկատուութիւններէն) ճիշդը չէ,  ճշմարտութիւնը չէ: Բայց ո՞ր երկրին մէջ այդպէս չէ: Վերջին երկու տասնամեակներուն ականատես եղանք թէ ինչպէ՛ս մամուլը կրնայ իր ուզած ուղղութիւնը տալ մարդոց մտածելակերպին եւ դէպքերուն, խեղաթիւրել ճշմարտութիւնը եւ ատով իսկ որոշել դէպքերուն ելքը:
Թէ ասոր վերջը ո՞ւր պիտի հասնի, չեմ գիտեր եւ չեմ ուզեր մտածել: Ճիշդ ասոր համար է որ էութեանս դռներն ու պատուհանները փակած կը փորձեմ ապրիլ: Ճիշդ ինչպէս կ’ընէ այստեղի ժոովուրդը: Այսօր Թումանեան փողոցէն իջայ հասնելու համար Արթ Պրիճ (Աբովեանի վրայ). ճամբան կը դիտէի անցորդները, բայց արդէն ուրիշ լոյսով, տարբեր նայուածքով, գալիքին կամ իմ յոռետեսութեանս լուսարձակով: Եթէ այսօր մէկուկէս-երկու միլիոն մարդ կ’ապրի Հայաստանի մէջ, կրնա՞յ ըլլալ որ 21-րդ դարուն առաջին կէսը չլրացած, նոր եւ շատ աւելի վատ, շատ աւելի խուժդուժ ջարդ մը տեղի ունենայ:
Յետոյ կը մտածեմ՝ աւելի քան չորս հազար տարի է կ’ապրինք, ապրած ենք,  շատ ծանր պարագաներ ունեցած ենք եւ անապրելի պայմաններու մէջ ապրեր ենք, չորս հարիւր թէ աւելի տարիներ մնացեր ենք տարբեր տիրապետութիւններու տակ, բայց մնացե՛ր ենք, ապրեր ենք ու բարգաւաճեր: Այս փորձութիւնն ալ պիտի անցնի:
Դժբախտաբար սակայն այս բոլորը համոզեցին մեզ, որ մեր մարդկային տեսակը  միա՛յն այն չէ, որով համոզուած էինք՝ աշխատասէր, ազնիւ, ստեղծագործ, ստեղծարար, այլ նաեւ ամենավատ տեսակն է, որ իր հայրենիքն անգամ, իր հողն անգամ, իր ծնողն անգամ կը ծախէ, կը լրտեսէ, կը դաւաճանէ նիւթականի համար, կամ ուժի, տիրապետելու համար: Զարմանալին այն է, որ նման մարդիկ կը մոռնան թէ կա՛յ մահը, որուն առջեւ բոլորս հաւասար ենք՝ միլիոնատէրը իր միլիոններն ու աղքատը իր տառապանքը հոս պիտի թողու եւ բոլորս պիտի հեռանանք նոյն այն վիճակով, որ եկանք:
Մինչ այդ սակայն ապրիլ պէտք է ու ես չեմ գիտեր թէ ինչպէ՛ս պիտի ապրինք այսօր:
Մարուշ Երամեան