Թուրքիոյ նախագահը 23 Մայիսին յայտարարեց, որ թրքական բանակը պիտի սկսի Սուրիոյ հետ իր սահմանի 30 քլմ. խորացման զինուորական նոր գործողութիւններ, որպէսզի, ըստ Էրտողանի, ապահով գօտի հիմնէ եւ պաշտպանուի քրտական զինեալ ուժերու հետագայ յառաջխաղացքներէն:
Աւելին. օրեր առաջ՝ Մայիսի սկիզբը Էրտողան յայտարարած էր, որ շուրջ մէկ միլիոն սուրիացի գաղթական պիտի վերադարձնէ Սուրիոյ իր բնորոշումով «ապահով շրջաններ», այսինքն՝ իր իսկ հաստատելիք ապահով գօտիի տարածք:
Թուրքիոյ նախագահին երկու յայտարարութիւններն ալ խստիւ դատապարտուեցան նախ Սուրիոյ, ապա նաեւ արաբական շարք մը երկիրներու կողմէ: Նոյնիսկ ԱՄՆ իր մտահոգութիւնը յատնեց այս ուղղութեամբ: Վերջինս Սուրիոյ մէջ իր սեփական շահերը վտանգուած տեսնելով, բնականաբար:
Սուրիոյ հիւսիսային շրջանը սուրիական տարածք է ու միայն Սուրիոյ հետ խորհրդակցաբար կարելի է ճշդել ոեւէ սահմանի խորութիւն: Այս իմաստով Թուրքիոյ զինուորական այս քայլը զինուորական բացայայտ յարձակում է եւ չի կարօտիր այլ մեկնաբանութեան:
Թուրքիոյ առաջին եւ վերջին նպատակը սուրիական հողեր գրաւելն է: Բայց նկատի ունենալով որ ուղղակի գրաւումը միջազգային օրէնքի խախտում պիտի համարուի, թշնամի համարուող այս երկիրը կը փորձէ այլ պատրուակով թափանցել սուրիական տարածք, բռնի ուժով փոխել տալ Սուրիոյ հիւսիսային շրջանի ժողովրդագրական պատկերը, որպէսզի ջարդելով ու բռնի տեղահանութեան ենթարկելով տեղւոյն բնակիչները՝ քիւրտ, արաբ թէ այլազգի, այնտեղ բնակեցնել տայ իրեն համախոհ զանգուած մը, իմա՝ մէկ միլիոն տեղահանուածներ, զանոնք Թուրքիայէն պարտադրաբար ուղարկելով Սուրիա ու բնակեցնելով այդ շրջաններ յատկապէս:
Թուրքիան Սուրիոյ հիւսիսային շրջանի ժողովրդագրական փոփոխութիւնը սոսկ անվտանգային հարցերով չի հետա- պնդեր: Ընդհակառակն. ան կը փորձէ շրջանը իր համախոհներուն ճամբով տնտեսապէս  կախեալ դարձնել Թուրքիայէն, միաժամանակ օգտուիլ սուրիական այդ շրջանի հարստութիւններէն, իբրեւ թէ առանց ուղղակի բռնագրաւման, առանց միջազգային օրէնքները խախտած ըլլալու, իր անվտանգութիւնը ապահովելու պատրուակով եւ այլն:
Ինչ կը վերաբերի մէկ միլիոն սուրիացի գաղթականներուն, Թուրքիա  յոյսը կտրած կը թուի ըլլալ Եւրոպայէն գաղթականներու իր երկիր հիւրընկալած ըլլալուն համար մեծ գումարներ կոնծելէ: Հետեւաբար ապօրինի այս ճամբով կը խորհի լուծել իրեն համար բեռ համարուած հարցը գաղթականներուն՝ զանոնք ծառայեցնելով վերոյիշեալ երկու նպատակներուն:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան վերջին հաղորդագրութիւնը կը մերկացնէ Թուրքիոյ թշնամական այս ծրագիրը, զայն համարելով անմարդկային ու թշնամական արարք:
Թուրքիոյ այս ծրագիրին իրականացման փորձերը  անպայման որ պիտի բախին սուրիական բանակի դիմադրութեան:
Սահմանները միակողմանի որոշումով չեն խորացուիր, ոչ ալ այլ երկրի մը իշխանութիւնը իրաւունք ունի Սուրիոյ ոեւէ շրջանի ժողովրդագրական պատկերը փոխելու եւ Սուրիոյ բազմերանգ ընկերութեան խաղաղ գոյակցութիւնը քայքայելու: