Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւնը 31 Մայիս 2022, Երեքշաբթի երեկոյեան, “Զաւարեան” Մշկթ. Կեդրոնէն ներս ընդունեց այցելութիւնը Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ ընկ. Կիրօ Մանոյեանին, ընկերակցութեամբ ընկ. Աւօ Գաթրճեանին։ Ներկայ էին “Աղբալեան” մասնաճիւղի հայագիտական հիմնարկի, “Զուարթնոց” երգչախմբային և “Բ. Կանաչեան” երաժշտանոցի միաւորներու վարչութիւնները, հայագիտականի ուսանողուհիները, տնօրէնն ու դասախօսներ։
Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ կայացած այս հանդիպման ընթացքին, ընկ. Մանոյեան մօտէն ծանօթացաւ Համազգայինի Սուրիոյ կազմակերպական կառոյցին, մտահոգութիւններուն և ձեռքբերումներուն։
Ապա ծանօթացաւ շէնքի մասերուն, որոնց կարգին նաև վերաշինութեան կարիք ունեցող սրահին։