«Ախ, լեզուն, լեզուն, լեզուն որ չըլի, մարդ ընչի նման կըլի: Մէկ ազգի պահողը, իրար հետ միացնողը լեզուն ա ու հաւատը… Ձեզ եմ ասում, ձեզ, հայոց նորահա՛ս երիտասարդք, ձեր անունին մեռնեմ, ձեր արևին ղուրբան, տասը լեզու սովորեցէք, ձեր լեզուն, ձեր հաւատը ղայիմ բռնեցէք»:
Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի»-ն այժմէական ցաւը կը մատնանշէ ու կը յորդորէ հազարամեայ գանձը՝ լեզուն բիւրեղ պահել ու հաւատարմօրէն փոխանցել զայն նորահաս սերունդին։
Դարերու ընթացքին յաճախ լեզուն խաթարող պայմաններ եղած են ու կը շարունակեն ըլլալ տարբեր-տարբեր ազդակներով։
 
Գամիշլիի Համազգայինի «Աւետիս Ահարոնեան» Մասնաճիւղը քաջ գիտակցելով այս իրողութեան, Կիրակի, 22 Մայիս 2022-ին, Կիւլպէնկեան սրահէն ներս խորհրդաժողով մը գումարեց «Հայ Լեզուն եւ 21-րդ Դարու Մարտահրաւէրը» խորագիրով։
 
Խորհրդաժողովը վայելեց Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգեշնորհ Տէր Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի նախագահութիւնն ու ներկայութիւնը, ներկայ էին նաեւ Գամիշլիի հոգեւոր հովիւ Տէր Պսակ Քահանայ Պէրպէրեան, Պատկան Մարմնի ներկայացուցիչը, Բերիոյ Հայոց Թեմի ազգային երեսփոխաններ, ազգային ու միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներ,
Ազգ. վարժարաններու տնօրէնութիւնը, հոգաբարձութիւնը, ուսուցչաց կազմերը, ինչպէս նաեւ Տէրիքի շրջանէն ներկայացուցիչներ, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչսւթեան նեդկայացուցիչը եւ «Ա. Ահարոնեան» Մասնաճիւղի Վարչութիւնը։
 
Ժողովին բացումը կատարեց վարչութեան ատենապետ Յակոբ Պարսումեան։ Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ կարեւորութեամբ յայտնեց, որ սոյն խորհրդաժողովը, «Ա.Ահարոնեան» Մասնաճիւղի հիմնադրութեան օրէն իսկ, իր տեսակին մէջ աննախընթաց է եւ իր անհրաժեշտութեամբ կարեւորագոյնն է։ Անոր նպատակն է պարզել լեզուի օգտագործման ներկայ իրավիճակը, սերտել նահանջի պատճառները ու լուծումներ որոնել։
 
Ներկաները մէկ առ մէկ ընթերցեցին իրենց միութիւններու եւ
անձնական նախօրօք պատրաստուած զեկոյցները, որոնցմով կ՛արժեւորէին լեզուի օգտագործան ներկայ վիճակը ու անոր վատթարացման պատճառները։ Ետքը առցանց կապով, հեռակայ դրութեամբ ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի դասախօս, հրապարակագիր Լեւոն Շառոյեան։
Ան ողջունեց Գամիշլիի կրթական մշակները եւ ազգային պատասխանատուները, որոնք հաւաքուած են այս «յաճախ հրատապ եւ շատ անգամ անտեսուած հարցը օրակարգի կէտ դարձնելու» եւ քաջալերեց նոր սերունդը, որ իր ուսումը շարունակէ հայագիտական հիմնարկէն ներս։
 
Այնուհետեւ խօսք առին Ազգ. երեսփոխաններ՝ Աբիկ Քէհեայեան եւ տոքթ. Անդրանիկ Սարգիսեան։ Առաջինը յիշեցուց, որ լեզուն դար մը առաջ ներկայ օրերէն առաւել վտանգուած էր, երբ հայ ժողովուրդը կ՚ենթարկուէր ծրագրուած ցեղասպանութեան, բայց եւ այնպէս հայ մայրը կրցաւ պահպանել զայն։ Այստեղ ան կարեւոր համարեց նաեւ ընտանիքներուն դերը լեզուի պահպանման մէջ։
 
Տոքթ. Սարգիսեան շեշտեց նաեւ դերը միութիւններու, որոնց ճամբով ալ պատանին եւ երիտասարդը կրնան տիրապետել լեզուին։
 
Ապա Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ Ռիթա Տէր Սարգիսեան-Կարապետեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ առաքելութեան Համազգայինի, որ ջահակիրն է հայ լեզուի պահպանման՝ իր միաւորներուն, մանաւանդ հայագիտական հիմնարկին միջոցով, դիտել տալով, որ վերջինս կը պատրաստէ ոչ միայն հայերէնագէտը, այլեւ որակաւոր մարդուժ ազգային կեանքէն ներս։
 
Ժողովն ու ժողովականները արժանացան հոգշ. Տէր Լեւոնի օրհնութեան, որ կր կարգին ընթերցեց Արամ Ա. կաթողիկոսի սփիւռքի տարուան առիթով հռչակուած կոնդակը, մէջբերումներ կատարեց Մալխասէն ու վստահեցուց, որ նոյն միասնակամութեամբ ու ծրագրուած, բծախնդիր աշխատանքով անպայման պիտի յաղթահարենք ներկայ խոչընդոտները։
 
ժողովը հարուստ էր իր շինիչ առաջարկներով, զորս յառաջիկայ օրերուն վարչութիւնը Ազգային վարժարաններու հոգաբարձութեան հետ հերթական ժողովներ գումարելով լուսարձակի տակ պիտի առնէ ու համապատասխան լուծումներ որդեգրէ՝ յաղթահարելու հայ լեզուն խաթարող երեւոյթները։
 
Ռիթա Տէր Սարգիսեան-Կարապետեան