Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, Չորեքշաբթի, 1 Յունիս 2022-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Նպաստից Յանձնախումբը բարեսիրական ծառայութեամբ, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս Հալէպի հայ առաքելական համայնքի համալսարանականներուն բաշխեց նիւթական օժանդակութիւն, որ տրամադրուած էր «Aid to the Church in Need» բարեսիրական կազմակերպութեան կողմէ, ներկայութեամբ՝ կազմակերպութեան պատասխանատու տիար Ռիատ Ճրճոյի:
Յիշենք, որ նոյն ծրագիրով Հալէպի հայ առաքելական բոլոր աշակերտները անցնող ամիսներուն ստացան նիւթական օժանդակութիւն։
 
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ողջունելով համալսարանական ուսանողները, իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց եւ բարեյաջող երթ մաղթեց անոնց։
 
Այս առիթով, Սրբազան Հայրը Թեմին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց ACN բարեսիրական կազմակերպութեան եւ բարձր գնահատեց Նպաստից յանձնախումբին տարած աստուածահաճոյ ծառայութիւնը:
 
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդութիւն