Մեր բոլորին ծանօթ համաշխարհային եւ լիբանանեան ծանր պայմաններու հետեւանքով երկար յապաղումէ ետք, կու գանք ուրախութեամբ յայտարարելու, որ լոյս տեսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հայրապետական գահակալութեան 25-ամեակին (1995-2020) նուիրուած հատորը։
 
Հայրապետին արծաթեայ յոբելինականին նուիրուած աշխատասիրութիւնը կը ներկայացնէ Սրբազնագոյն Հայրապետին 25 տարուան ծառայութիւնը՝ զանազան ոլորտներու մէջ եւ բազմաթիւ մարտահրաւէրներու դիմաց։ 52 յօդուածագիրներ՝ կղերականներ, միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական աշխարհի մէջ պատասխանատուներ, ակադեմիկոսներ, պետական եւ ազգային երեսփոխաններ, գիտական եւ գրական տարբեր ամպիոններու պատասխանատուներ, համալսարանի դասախօսներ, հայկական գաղութներու մէջ գործունեայ դէմքեր, հասարակական գործիչներ, ի շարս այլոց, կ՚անդրադառնան Նորին Սրբութեան Հայրապետական առաքելութեան։
 
Նշենք, որ հրատարակութեան խմբագրական կազմը բաղկացած է Գերշ. Տ. Վարուժան Արք. Հերկելեանէն, Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանէն, Օրդ. Արտեմիս Հացագործեանէն, Տիար Վիգէն Աւագեանէն եւ Տիար Շահան Գանտահարեանէն, իսկ մեկենասութիւնը յանձն առած են Տէր եւ Տիկին Կարօ եւ Սօսի Էշկիեանները (Լոս Անճելըս)։
 
Հատորը ստանալու համար դիմեցէք Կաթողիկոսարանի գրախանութը եւ կամ այցելեցէք գրախանութին կայքը՝