Կազմակերպութեամբ ՍԵՄ-ի «Կայծակ» Մասնաճիւղին, Հինգշաբթի, 2 Յունիս 2022-ի երեկոյեան, Լաթաքիոյ Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ «Արարատ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 104-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւն՝ «Զարթնիր, Լա՛օ» խորագիրով։
Հանդիսութեան ներկայ էին Տէր Վազգէն Քհնյ. Քէօշկէրեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան, Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչներ եւ խուռներամ բազմութիւն մը։
ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը ազգային եւ յեղափոխական երաժշտական կատարումներով դիմաւորեց հիւրերը Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ։
Հանդիսութեան սկիզբը բեմավար Նայիրի Կարապետեան-Գաթրճեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վարկեան յոտնկայս յարգելու նահատակներուն յիշատակը։
Ապա ան լուսարձակի տակ առաւ անկախութեան գաղափարը, անդրադարձաւ յատկապէս Արցախ աշխարհի առանձնայատկութեան, հոգեւոր եւ մշակութային արժէքներուն, որոնցմով կը բնորոշուի իր հայկական դիմագիծը եւ որ հպարտութիւնն է իւրաքանչիւր հայու։ Գաթրճեան յոյս յայտնեց, որ հայութեան միասնական ջանքերով Արցախը արժանանայ իր անկախութեան միջազգային ու արդարացի ճանաչման։
Գեղարուեստական յայտագիրով Յակոբ Արզումանեան նուագեց «Երեւան, Էրէբունի» եւ «Ազգ Փառապանծ» ստեղծագործութիւնները (դաշնամուր)։
Ապա Յովհաննէս Շիրազի «Հայոց Տանդէականը» քերթուածը տպաւորիչ առոգանութեամբ ասմունքեց Յովսէփ Գաթրճեանը։
 
ՍԵՄ-ի Երիտասարդուհիները ծաղկեցուցին բեմը «Յաղթանակի Պար»ով։
Այնուհետեւ ՀՅԴ Արցախ Պատանեկան Միութեան եւ ՍԵՄ-ի երիտասարդները ուս-ուսի, եռագոյն դրօշներով ու «Զարթնիր, Լաօ՛» երգը վանկարկելով բեմ բարձրացան։
 
Ետքը Պատկան Մարմինին խօսքը ուղղեց Աւօ Կարպուշեան, որ կոչ ըրաւ գոյատեւելու եւ մաքառելու, որպէսզի շատ մը ազգերու նման չկորսնցնենք մեր ինքնութիւնը տարբեր պատճառներով։ Ան դիտել տուաւ, որ հայ ազգը ապրեցաւ ու գոյատեւեց ամէն գնով եւ ընդմիշտ պիտի պայքարի իր գոյութեան, իրաւունքներուն, Հայաստանի եւ Արցախի ազատութեան համար, իսկ 28 Մայիս 1918-ը մեր յառաջընթացի ներշնչման աղբիւրը պիտի մնայ։
Օրուան բանախօս, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Հայ Դատի ու քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան շեշտեց, որ պայքարի կամքը հաստատուն է հայ ազգի էութեան մէջ ինչպէս անցեալին, նոյնպէս ալ այսօր ու պիտի մնայ հաստատուն ապագային։
Մանոյեան անդրադառնալով Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման փուլերուն եւ ազգային միասնականութեան ու պայքարին, հարց տուաւ, որ եթէ նման պայքարի ոգի չունենար մեր ժողովուրդը եւ 28 Մայիս 1918-ը գոյութիւն չունենար, ի՞նչ ճակատագիր կ՛ունենար Հայաստանը։ Ան շեշտեց, որ ՀՅ Դաշնակցութեան գործակցութեան ոգին ԲաշԱպարանի, Ղարաքիլիաայի եւ Սարդարապատի ճակատամարտերու ընթացքին, այնուհետեւ Հայաստանի պետականութեան կերտման տարիներուն իր պտուղները տուաւ եւ հայ ժողովուրդը վեց դարերու ստրկութենէ ետք իր անկախ հանրապետութիւնը կերտեց։
Ապա Մանոյեան անդրադարձաւ Հայաստանի ու Արցախի ներկայ քաղաքական կեանքին, մարտահրաւէրներուն, յանուն հայրենիքի ու մեր ինքնութեան պահպանման Հայաստանի մէջ ծայր առած «Զարթնիր, Լաօ՛» խորագիրը կրող անհնազանդութեան խաղաղ ցոյցերուն, ոստիկանութեան կիրարկած բռնութեան եւ տարածաշրջանի պայթիւնավտանգ իրավիճակին։
Բանախօսը ըսաւ, այնպէս ինչպէս անցեալի մեր կամաւորները պատրաստ էին պայքարի ճակատ մեկնելու, Սեպտեմբեր 2021-ի քառասունչորս օրեայ պատերազմի առաջին օրերուն ալ մեր կամաւորները Արցախ մեկնեցան, բայց ափսոս, հինգ հազար զոհ տալով Հայաստան սերունդ մը ամբողջ եւ հայրենի տարածք կորսնցուց։
Ան դիտել տուաւ, որ Հայաստան սոսկալի տագնապալի օրեր կ՛ապրի, այդուհանդերձ պէտք է պայքարինք ու չյուսահատինք՝ պինդ մնալու ազատ և անկախ հայաստանի հանրապետութեան յարկին տակ։
 
Հանդիսութիւնը աւարտին հասաւ Տէր հօր «Պահպանիչ» աղօթքով։
 
Նայիրի Կարապետեան- Գաթրճեան