Թուրքիոյ «Պահպանողական Վերելք» կուսակցութեան նախագահ, գործարար Ահմետ Եըլմազ առաջարկած է Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի ու Իսրայէլի միջեւ զինուորական պայմանագրութիւն կնքել եւ դաշինք կազմել: Եըլմազ, դիտել տալով, որ տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումները մտահոգիչ են, յայտարարած է, որ Թուրքիա, Ատրպէյճան ու Իսրայէլ ստիպուած են շատ սերտ ռազմապաշտպանական պայմանագրութիւն կնքել:
«Թուրքիա պէտք չէ ուշանայ նոր աշխարհակարգի ձեւաւորման հետ միասին իր շուրջը առանցք ստեղծելու», ըսած է թուրք գործիչը ու աւելցուցած, որ անոր հետագային պէտք է միանան մնացեալ թրքական պետութիւնները: