ՍՕ Խաչի «Նայիրի» Մասնաճիւղի Վարչութիւնը կազմակերպեց աւանդութիւն դարձած «Նայիրիի Օրուան» ձեռնարկը, որ այս տարի նուիրուած էր «Նայիրի» գրադարանի վերաբացումին: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 20 Մայիս 2022-ի յետմիջօրէին, ժամը 4:30-ին, Ընկերաբժշկական կեդրոնի «Գ. Համալեան» սրահէն ներս, խաչուհիներու ներկայութեան:
Առաջին ակնարկով ուշագրաւ էր սեղաններու վրայ ցուցադրուած արուեստի գործերը՝ փայտեայ խաչքարեր, նուռեր, կաւէ կուժեր, բաժակներ, թանկարժէք առարկաներ եւ այլն:
Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ ՍՕ Խաչի օրհներգով: Ապա օրուան հանդիսավար, մասնաճիւղի վարչութեան անդամ Տիանա Թովմասեան բարի գալուստի իր խօսքէն ետք բեմ հրաւիրեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի Ժէնի Պօշկեզէնեանը:
Պօշկեզէնեան ըսաւ, որ հայ լեզուի պահպանման միջոցներէն մէկն ալ եղած է գրադարանը: Անցեալի եւ ներկայի խաչուհիներուն մտահոգութիւնն ու պարտականութիւնը եղած է իր անդամները մղել ընթերցանութեան:
Ուստի մասնաճիւղի վարչութիւնները ջանք չեն խնայած պատերազմի ամենավտանգալից  օրերէն մինչեւ օրս աշխատիլ փրկելու համար հայ գիրքերը, որովհետեւ անոնք մաս կը կազմեն մեր մշակոյթին եւ մեր գրականութեան գանձերն են՝ մեզի ժառանգ մնացած:
Ձեռնարկը ընթացք առաւ ու գեղարուեստական յայտագիրով Սօսէ Սէմէրճեան քաղցրահունչ ձայնով մեկնաբանեց «Մախմուր Աղջիկ» երգը, իսկ Արինա Պօշկեզէնեան տպաւորիչ ու ազդեցիկ առոգանութեամբ ասմունքեց Եղիշէ Չարենցի «Քարտէզ»- ը: Այնուհետեւ երաժշտական ներդաշնակ կատարումով Տեսիլ Սարեան (ջութակ) եւ Սարիկ Պիթար (կողմնասրինգ) նուագեցին «Ալ Այլուղս» երաժշտական կտորը: Հաճելի անակնկալով մը վարչութեան ատենապետուհին յայտագիրի մասնակիցներուն ծաղկեփունջեր նուիրեց:
Օրուան բանախօս, մասնաճիւղի վաստակաշատ ընկերուհի Մարալ Սեմէրճեան յետադարձ ակնարկով մը ներկայացուց 1960 թուականին հիմնուած «Արագած»՝ այժմու «Նայիրի» գրադարանը, որ յիսունական թուականներէն ի վեր կը գործէ հին դարմանատան կեդրոնէն ներս: Ան դիտել տուաւ, որ 1962-ին Նոր Գիւղի դարմանատունը կը փոխադրուի ՍՕ Խաչի սեփականութիւնը եղող Արծուեբոյնը, կը կազմուի գրադարանի յանձնախումբ, ու վերջինս կը լծուի աշխատանքի: ՍՕ Խաչի Շրջ. ԺԸ. Պատգամաւորական ժողովէն ետք, նորակազմ Շրջ. Վարչութիւնը կը ծրագրէ դարմանատան նոր շէնք մը կառուցել, նկատի առած որ հինը գրեթէ կիսափուլ եղած էր: Նոր Գիւղի վարչութիւնը իր գործունէութիւնը կը շարունակէր Ազգ. Առաջնորդարանին կողմէ տրամադրուած Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի յարակից բակին մէջ: Բոլոր գոյքերը կը փոխադրուին այնտեղ, իսկ 733 գիրքեր՝ այլ ապահով վայր:
1980-1983-ին վարչական ընկերուհիներէն Սիրան Եագուպեան կը ստանձնէ այդ գիրքերը իր տան մէջ պահելու պատասխանատուութիւնը մինչեւ նորակառոյց շէնքին աւարտը: 1986-ին գրադարանի գիրքերը կը փոխադրուին նորակառոյց դարմանատան 5-րդ յարկ եւ գրադարանը մասնաճիւղին անունով կը կոչուի «Նայիրի» գրադարան: 1989-ին գրադարանին բացումը կը կատարուի Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սուրէն Սրբ. Գաթարոյեանի ձեռամբ, Շրջ. Վարչութեան ատենապետուհի Անահիտ Էպլիղաթեանի եւ մասնաճիւղի վարչութեան օրուան ատենապետուհի Արփի Աւընեանի ներկայութեան: 1993-ին «Նայիրի» գրադարան այցելած է  Ներսէս Աբբահայրը:
Այնուհետեւ բանախօսուհին լուսարձակի տակ առաւ գրադարանի յանձնախումբի անդամուհիներուն գործունէութիւնը:
Գրադարանի յանձնախումբը հայ մանուկին հոգիին մէջ վառ պահելու համար հայկական տոհմիկ օրերը եւ աւանդոյթները ինչպէս նաեւ ծանօթացնելու հայկական տօները, կազմակերպած է տարբեր ձեռնարկներ:
Գրադարանի ընթերցողներուն մեծամասնութիւնը մանուկներ էին: Անոնք եռանդով, շաբաթը երկու անգամ գրադարան կ’այցելէին եւ գիրքերու կողքին քաջալերական նուէրներ կը ստանային: Գրադարանի տարեկան հասոյթը ամբողջովին գիրքերու գնման կը տրամադրուէր:
733 գիրքերով սկսած այս գրադարանը այսօր հարստացած է հազարաւոր գիրքերով, կը պարունակէ հայ գրականութիւն, ազգային դէմքեր եւ դէպքեր, կրօնական գիրքեր, օտար գրականութիւն թարգմանուած հայերէնի եւ արաբերէնի, մանկապատանեկան գիրքեր (հայերէն, արաբերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն) եւ մանկական գիրքերու ճոխ հաւաքածոյ:
Նայիրի գրադարանը 2009-ին մաս կազմած է հալէպահայ գրադարաններու կազմակերպած ժողովին Ն. Աղբալեան սրահի գրադարանէն ներս, ուր մեծապէս գնահատուած է փոքրերու կողմէ նախընտրելի գրադարան մը ըլլալուն համար:
Հայ օգնութեան Միութեան 100-ամեակին առիթով ՀՕՄ-ուհիներու Հալէպ այցելութեան ծրագրին մէջ էր նաեւ ՍՕ Խաչի Նայիրի Մասնաճիւղի կեդրոն ու գրադարան այցելութիւնը:
14 Փետրուար 2016-ին Նոր Գիւղի շրջանի հետզհետէ սաստկացող հրթիռարձակումներուն հետեւանքով ընկերաբժշկական կեդրոնը, վարչական գրասենեակներն ու «Նայիրի» գրադարանը մեծ վնասներ կը կրեն: Օրուան վարչական ընկերուհիներու յանդուգն աշխատանքով գրադարանի բոլոր գիրքերը, կահոյքը եւ պահարանները կը տեղափոխուին Կիլիկիա Ազգ. շէնքի Պ. Պատիկեան գրասենեակ:
21 Հոկտեմբեր 2016-ի յիշատակուած «Նայիրի» Մասնաճիւղի Մշակութային օրուան ձեռնարկը նուիրուած էր «Նայիրի Գրադարանին Օրուան»:  Յանձնախումբը յարմար կը նկատէ դիմել խաչուհիներուն «Պահպանել Հայ Գիրքը» լոզունգով, պատերազմական շրջանին կորուստէ փրկելու համար հայ գիրքերը:
Նկատի ունենալով անապահովութեան եւ վտանգի ենթարկուած հալէպահայութեան կեանքը ու ծայր առած գաղթը, որուն հետեւանքով ալ յաճախ հայերէն գիրքերուն փողոցներու մէջ յայտնուած ըլլալը, խաչուհիները հաւաքեցին հարիւրաւոր գիրքեր ու յանձնեցին գրադարանի յանձնախումբին:
20 Մայիս 2022-ին, շնորհիւ վերջին տարիներու տարուած աշխատանքին, վերանորոգուեցաւ եւ լրումին հասաւ «Նայիրի» գրադարանը, որ ՍՕ Խաչի միակ գրադարանն է, բարերարութեամբ  Հայրապետ Հայրապետեանի երկու զաւակներուն Նարեկ եւ Ալին Հայրապետեաններու, որոնք ի սրտէ կը շնորհաւորեն ՍՕ Խաչի Նայիրի մասնաճիւղի վարչութեան ու Նայիրի գրադարանի հրաշալի գործը եւ սրտանց կը փափաքին, որ խաչուհիները շարունակեն գնահատել հայ գիրքին անփոխարինելի դերը ու այս աշխատանքը արդիւնաւորել իրենց նման փոքրիկներու հայերէն գիրքեր ընթերցելու մղելով:
Բանախօսուհին եզրափակելով իր խօսքը ըսաւ. «Այսօր ՍՕ Խաչի «Նայիրի» մասնաճիւղի զինուորագրեալ խաչուհիները կը վերահաստատեն իրենց յանձնառութիւնը պահպանելու գրադարանապահութեան մշակոյթն ու մեր երիտասարդները մղելու ընթերցանութեան»:
Բանախօսութեան աւարտին, մասնաճիւղի ատենապետուհին խորհըրդանշական յուշանուէրով մը գնահատեց բանախօսին հետաքրքրական ու շահեկան դասախօսութիւնը:
Այնուհետեւ ժամանագրական կարգով ցուցադրուեցաւ «Նայիրի» Մասնաճիւղի Վարչութեան եւ գրադարանի յանձնախումբերու մեղուաջան աշխատանքը ցոլացնող տեսերիզ մը:
Յայտագրի յաջորդ բաժինով մասնաճիւղի ատենապետուհին բեմ հրաւիրեց 2016 տարեշրջանի վարչական կազմի ընկերուհիները, նաեւ ընթացիկ շրջանի գրադարանի յանձնախումբը, որոնք գնահատուեցան օրուան խորհուրդը պարփակող յուշանուէրներով:
Շրջ. Վարչութեան ատենապետուհի Սիրան Ամպարճեան շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան բանախօսին բծախնդրութեամբ պատրաստուած բանախօսութեան համար, շնորհաւորեց գնահատուող ընկերուհիները, գնահատեց գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցողները եւ իր խօսքը եզրափակեց Մուշեղ Իշխանի խաչուհիին նուիրուած հետեւեալ խօսքով.
«Օգնութեան Խաչի շարքերուն մէջ հայ կինը միայն ընտանիքին նուիրուած պատուաւոր մայր մը չէ, այլ ազգին նուիրուած զինուոր, որ լաւ գիտէ իր առաքելութեան պարտքը, լաւ կշռած է մեր դատին արժէքը եւ քաջածանօթ է հայակերտման եւ հայապահպանման համար անհրաժեշտ բոլոր գործօնններուն»:
Աւարտին գրադարանի վերաբացումը կատարուեցաւ ձեռամբ Շրջ. Վարչութեան ատենապետուհի Սիրան Ամպարճեանի եւ մասնաճիւղի ատենապետուհի Ժէնի Պօշկեզէնեանի, ներկայութեամբ շրջ. վարչութեան, նստավայրի մասնաճիւղերու վարչութեանց, քոյր մասնաճիւղերու վարչական ներկայացուցիչներուն, գրադարանի յանձնախումբին եւ համախմբուած խաչուհիներուն:
Ներկաները շնորհաւորեցին վերանորոգուած ՍՕ Խաչի Ընկերաբժշկական կեդրոնի 5-րդ յարկէն ներս հաստատուած «Նայիրի» գրադարանը, որ այսօր գաղութիս կը ներկայանայ բարեզարդուած եւ գեղեցիկ պահարաններով կահաւորուած ու բծախնդրօրէն պահպանուած հազարաւոր գիրքերով:
Սոնա Ճարպիկեան