Ռուսիա-Ուքրանիա պատերազմի բռնկումէն ի վեր, աշխարհի ուշադրութիւնը կեդրոնացած է պատերազմին եւ անոր հետեւանքներուն վրայ։ Այդուամենայնիւ, քանի որ պատերազմը ցարդ կ’երկարաձգուի եւ տնտեսական թէ ռազմական ծանր կացութեան կը մատնէ Ռուսիան, ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպայի քաղաքագէտները աւելի մեծ ուշադրութիւն կը դարձնեն այն ոլորտներուն, որոնց մէջ Ռուսիոյ զինուորական ազդեցութիւնը նուազեցնելու եւ յատկապէս Հարաւային Կովկասի մէջ անոր ազդեցութիւնը սահմանափակելու հաւանականութիւն կը գտնեն:

Այս պարագային Հարաւային Կովկասի հակամարտութիւններու բանակցութիւններու ճամբով լուծման եւ բռնութեան վերածուելու վտանգին բացառման միջոցները արեւմուտքին համար էական են: Այս իսկ պատճառով արեւմուտքը լծուած է յատկապէս Արցախ-Ատրպէյճան հակամարտութիւնը բանակցութիւններու ճամբով լուծելու եւ խաղաղութիւն հաստատելու դիւանագիտական լարուած աշխատանքի: Բնականաբար Ռուսիա կը համարուի Հարաւային Կովկասի միջազգայինօրէն չճանչուած պետութիւններու, յատկապէս Արցախի Հանրապետութեան, ապահովութեան երաշխաւորը:

Ռուսիա կը հանդիսանայ նաեւ Հարաւային Օսեթիոյ եւ Աբխազիոյ անկախացած հանրապետութիւններու ապահովութեան հիմնական գործընկերը: Ան ճանչցած ալ է երկուքին անկախութիւնը եւ հազարաւոր զօրքեր տեղակայած տուեալ տարածաշրջանի զինուորական կայաններուն մէջ: Ռուսիոյ անմիջական դերը՝ որպէս Արցախի Հանրապետութեան ապահովութեան երաշխաւոր, աւելի նոր զարգացում է։

Ռուսիա երկար ատեն ե՛ւ որպէս դիւանագիտական կարեւոր խաղացող, ե՛ւ որպէս հակամարտող կողմերուն զէնք մատակարարող, Արցախի կարգավիճակին բանակցային լուծման զարգացումներուն կը հետեւէր առաւելաբար, սակայն 44-օրեայ պատերազմէն ետք, ան 2000 խաղաղապահներ տեղակայեց Լեռնային Ղարաբաղ՝ զինադադարի գիծը վերահսկելու եւ Ատրպէյճանի հետագայ յառաջխաղացքը կանխելու համար: Ուստի ռուսական կողմին Ռուսիա-Ուքրանիա պատերազմով տարուած ըլլալը կը բարձրացնէ այս տարածաշրջանի անապահովութեան մակարդակը եւ կը մեծցնէ բռնութեան վերսկսման վտանգը:

Միւս կողմէ, սակայն, կարելիութիւն կու տայ Միացեալ Նահանգներուն եւ Եւրոպային առաջ մղելու բանակցութիւններու միջոցով լուծումներու տարբերակները: Թէեւ Վրաստան զուսպ քաղաքականութիւն կը վարէ ցարդ ու զինուորական միջոցներու նախաձեռնելու ո՛չ պատրաստակամութիւն կը ցուցաբերէ, ո՛չ ալ տրամադրութիւն, նկատի ունենալով տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական սուր բախումները, սակայն նոյնը կարելի չէ ըսել Ատրպէյճանի համար: Ատրպէյճան ամէն միջոցի կրնայ դիմել, արեւելումները կրնայ փոխել անգամ՝ որպէսզի այս գերլարուած վիճակէն ու Ռուսիոյ տագնապալի կացութենէն օգտուելով պատերազմ սկսի՝ ապաւինելով իր դաշնակիցներուն, յատկապէս Թուրքիոյ:

Վերջին շրջանին Ատրպէյճանի կողմէ զինադադարի խախտումները յաճախակի դարձած են, հակառակ Ռուսիոյ քննադատութեան։ Ատրպէյճան իր կարգին կը ձգտի խարխլել ռուսական խաղաղապահ ուժերու ներկայութիւնը Արցախ՝ Արցախի կարգավիճակը իր նախընտրած եղանակով վերջնականապէս կարգաւորելու համապատասխան իրավիճակ ստեղծելու համար:

Այս բոլորին լոյսին տակ, Արցախի եւ Հայաստանի համար իրավիճակի դիւանագիտական կարգաւորման աւելի մեծ կարելիութիւններ կը ստեղծուին այս շրջանին, բացառելու զիջում յանուն խաղաղութեան պարտուուղական տրամաբանութիւնը, ռուսական կողմին հետ որպէս ապահովութեան երաշխիք եւ դիւանագիտական լուծման միջնորդ, իսկ արեւմուտքին հետ որպէս Արցախի կարգավիճակի դիւանագիտական լուծման մղիչ ուժ յարաբերելու եղանակով:

ԵԱՀԿ Մինսքի դերակատարութեան պահպանումն ու Հայաստանի դիւանագիտական գերաշխոյժ աշխատանքը կրնան գէթ բացառել Արցախի կարգավիճակի ատրպէյճանական լուծման հաւանականութիւնը առնուազն մինչեւ ռուս-ուքրանական պատերազմի աւարտ, երբ կը յստականան ազդող ուժերու կարելիութիւններն ու ազդեցութեան սահմանները: Ճակատագրական այս պահու լրջագոյն մտահոգութիւնն է, որ հայրենիքի փրկութեան համար առաւելագոյն կարելիութիւններու օգտագործման պայքարի մղած է Հայաստանի ընդդիմութիւնը:

Ընդդիմութեան մտահոգութիւնը խորքային է, որովհետեւ անյաջող դիւանագիտութիւնը կրնայ հողային նոր կորուստներու ճամբայ բանալ ու ազգային աղէտի առաջնորդել Հայաստանն ու Արցախը: