Հինգշաբթի, 9 Յունիս 2022-ին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ «Ռուսիա Այսօր» պատկերասփիւռային կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ Ռուսիոյ դէմ այնպիսի պատերազմ մը կը մղուի, որ կարելի չէ ՆԱԹՕ-ի ընդլայնումին վերագրել։ Ռուսիոյ դէմ մղուած պատերազմը սկսած է նախքան համայնավարութիւնը եւ նախքան համաշխարհային Ա. պատերազմի բռնկումը ու կը շարունակուի մինչեւ այսօր։
Ապա աւելցնելով ըսաւ . «Ռուսիան կարելի է դիտել երկու ուղղութենէ։ Առաջինը՝ որպէս Սուրիոյ դաշնակիցը, որուն յաղթանակը կամ միջազգային գետնի վրայ քաղաքական դիրքին ապրապնդումը մեզի համար նպաստաւոր է։ Երկրորդ՝ ներկայիս Ռուսիոյ հզօրութիւնը միջազգային հաւասարակշռութիւնը վերականգնեց, թէեւ ամբողջական վերականգնում կարելի չէ համարել ցարդ կատարուածը, սակայն անկասկած դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ փոքր պետութիւններու վրայ, որոցմէ է Սուրիան»
Անդրադառնալով թրքական ոտնձգութիւններուն, նախագահը շեշտեց. «Թրքական ուժերը սուրիական հողեր ներխուժելու պարագային պիտի հակադարձենք նախ ժողովրդային դիմադրութեամբ, իսկ այն շրջաններուն մէջ, ուր սուրիական բանակը ներկայ է, իր բոլոր կարելիութիւններով պիտի դիմադարձէ ու ետ մղէ թրքական ուժերը»։