ՀԱՅ ԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՅՈՒՇԵՐԷՆ
Յովհաննէս Թումանեան անձի ինքնազարգացումը շատ կարեւոր կը համարէր: Մարդու զարգացման գործընթացին մէջ ընթերցանութեան, ինքնազարգացման, զրոյցին, անձնական յարաբերութիւններուն աւելի մեծ տեղ կու տար, քան դպրոցին:  Յաճախ կ’ըսէր. «Մեր տունը ձեզ համալսարան»:
Իսկապէս ալ, Թումանեանի դուստրը կը պատմէ, որ  իրենց տունը համալսարան մըն էր հօր ճոխ գրադարանով, նշանաւոր հիւրերով, իմաստուն զրոյցներով, ժամանակի իրականութեան հետ ունեցած լայն յարաբերութիւններով: Շատ կը փափաքէր, որ զաւակները դառնան նուրբ եւ ազնիւ ճաշակի տէր մարդիկ:
Ան կ’ըսէր. «Ամէնից շատ ինձ մարդու անճաշակ լինելն է բարկացնում: Ամենագլխաւորը կեանքում՝ ճաշակն է: Ճաշակը կեանքի բոյրն է»:
***
ԳԵՂԵՑԻԿ ՏԵՍՔ ԵՒ ԼԱՒ ՍՆՈՒՆԴ
Որեւէ հիւրասիրութեան ընթացքին սեղանին գլխաւոր զարդերը կ’ըլլան պտուղները, որոնցմով ձեւաւորումներ կատարելը երեւակայութիւն, նրբութիւն, ճաշակ եւ քիչ մըն ալ հմտութիւն կը պահանջէ։
Մեծ խոհարարներու մօտ պտուղներու շքեղ յարդարանքը դարձած է արուեստի իւրայատուկ տեսակ։ Մեր մարմինը լաւապէս կ’ընդունի այն ուտելիքները, որոնք՝ սննդարար, բայց մանաւանդ աչքին հաճելի են։
Պտուղները՝ իբրեւ սննդանիւթ կարելի է մատուցել ամբողջութեամբ (լման) եւ շերտուած։ Շերտերու վերածուած պտուղները գրաւիչ տեսք մը կու տան սեղանին։ Կարելի է նաեւ զանոնք աղցանի վերածելէ ետք սպասարկել հիւրերուն։
***
ՊՏՈՒՂՆԵՐՈՒ ԱՂՑԱՆԻ ՍՊԱՍԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՁԵՒԵՐ ԵՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐ
Պտուղի աղցանները կարելի է պատրաստել զանազան պտուղներով՝ նարինջ, խնձոր, ծիրան, սալոր, նուռ, պանան, դեղձ, տանձ, խաղող, կեռաս եւ այլն։ Զանոնք շերտերու վերածելէ ետք եթէ հեռացնէք ցօղուններն ու կեղեւները, աւելի հաճելի տեսք կ’ունենան։
Բոլոր պտուղներն ալ նոյն քանակութեամբ պէտք է օգտագործել եւ մատուցել պատրաստելէ անմիջապէս ետք։
Աղցանին կարելի է աւելցնել նաեւ հազար կամ պանիր, ինչպէս նաեւ՝ մեղր կամ պաղպաղակ (ըստ ճաշակի)։
Կիտրոնի հիւթը աղցանին համը կը շեշտէ եւ պտուղներուն գոյնը կը պահպանէ։
Աւելի հետաքրքրական եւ գրաւիչ տեսք մը ունենալու համար աղցանը կարելի է զետեղել նարինջի, սեխի կամ ձմերուկի կեղեւներուն մէջ (ծաղկամանի տեսքով), զայն զարդարելով հալած տուրմի կտորներով։
***
ԴԴՈՒՄՈՎ ԿՐԷԹԱՆ (GRATIN)
Բաղադրութիւն
1 քիլօ դդում
1 գլուխ սոխ
1 հատ ստեպղին
1 հատ պղպեղ
Աղ-սեւ պղպեղ
Ձիթաիւղ
100 կրամ մոզարէլլա պանիր
3 դգալ կարկանդակի փոշի
Պատրաստութիւն
Դդումները կիսել, միջուկները հանել, կտրտել։ Փուռի ափսէին մէջ (մոմուած թուղթով պատուած) շարել զանոնք, իւրաքանչիւրին վրայ ձէթ քսել, համեմել աղով, սեւ պղպեղով եւ 200 ջերմաստիճան փուռի մէջ 10 վայրկեան եփել։
Մանրուած սոխը ձէթի մէջ 2 վայրկեան թոռմեցնել, ապա վրան աւելցնել քերթուած ստեպղինը, խորանարդաձեւ կտրտուած պղպեղը, դդումներուն միջուկ եւ բոլորը համեմել աղով, սեւ պղպեղով։ Յետոյ տապակին կափարիչը գոցել ու եփել։ Դդումները շարել ապակեայ փոս ամանի մը մէջ։ Իւրաքանչիւրին վրայ զետեղել պատրաստուած միջուկէն։ Ապա կարկանդակի փոշին ու քերթուած պանիրը աւելցնել եւ եփել 200 ջերմաստիճան փուռին մէջ, 15 վայրկեան։
Բարի ախորժակ 
Նուշիկ Սողոյեան-Առաքելեան