ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ԴԱՒԻԹ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ՝  ԾԱՆՐԱԲԱՐՁՈՒԹԵԱՆ 
ԱԽՈՅԵԱՆ, ԱՐԱ ԱՂԱՆԵԱՆ ԵՒ ՍԱՄՈՒԷԼ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ՝ ՓՈԽԱԽՈՅԵԱՆ
Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան 96 քկ. դասակարգի մրցումներուն տիրապետեցին Հայաստանի ներկայացուցիչները:
Դաւիթ Յովհաննիսեան արձանագրելով 377 քկ. արդիւնք մը (171 + 206), հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան:
Իսկ փոխախոյեան հանդիսացաւ Հայաստանի երկրորդ ներկայացուցիչը՝ Արա Աղանեան, որ բարձրացուց 375 քկ. (170 + 205):
102 քկ. դասակարգին մէջ, Սամուէլ Գասպարեան երկամարտի մրցումներուն արձանագրելով 390 քկ արդիւնք մը, հանդիսացաւ Եւրոպայի փոխախոյեան:
Յատկանշական եղաւ այն, որ ան նախորդ տարի եւս նոյն արդիւնքը արձանագրելով հանդիսացած էր Եւրոպայի ախոյեան:
109 քկ. դասակարգի մրցումներուն, Արսէն Մարտիրոսեան, որ 2021-ին հանդիսացած էր Եւրոպայի փոխախոյեան, այս տարի արձանագրելով 371 քկ. արդիւնք մը, տիրացաւ պրոնզէ մետալին:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցումներուն, վեց տարուան դադարէ մը ետք, Հռիփսիմէ Խուրշուտեան ունեցաւ յիշատակելի վերադարձ մը:
87 քկ. դասակարգին մէջ ան երկամարտի մրցումներուն արձանագրելով 227 քկ. արդիւնք մը, գրաւեց 5-րդ դիրքը:
ՀԱՅ ԲՌՆՑՔԱՄԱՐՏԻԿԸ ՋԱԽՋԱԽԻՉ ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏՆԵՑ ԹՈՒՐՔ ՄՐՑԱԿԻՑԸ
18-ամեայ բռնցքամարտիկ Եդուարդ Քուրդեան Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցած Համաշխարհային նոր տաղանդներու ընտրական մրցումին ջախջախիչ պարտութեան մատնեց թուրք մրցակիցը՝ նուաճելով WORD GLORY աշխարհի առաջնութեան ուղեգիրը:
«Յաղթանակս կը նուիրեմ Հայաստանին», 168.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին փոխանցած է բռնցքամարտիկը:
Մեր հայրենակիցը մարզանքով կը զբաղի 10 տարեկանէն ի վեր:
Եդուարդ Քուրդեան վերջին 4 տարիներուն արձանագրած է 41 յաղթանակ եւ ոչ մէկ պարտութիւն:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՓԱՐԻԶ ՍԵՆ ԺԵՐՄԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱՆԿ ՊԻՏԻ ԸՆԷ ՓՈՔԵԹԻՆՕՆ
ֆրանսական «Լա Փարիզիէն»-ը յայտնեց, որ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի ղեկավարութիւնը որոշեց պաշտօնանկ ընել ակումբի գլխաւոր մարզիչ արժանթինցի Մաուրիցիօ Փոքեթինօն:
50-ամեայ Փոքեթինօ ակումբին մարզիչ նշանակուեցաւ Յունուար 2021-ին:
Անոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յառաջիկայ տարեշրջանին աւարտը:
Անոր հետ մայրաքաղաքի կազմը կատարեց 84 մրցում, արձանագրեց 56 յաղթանակ, 13 հաւասարութիւն եւ կրեց 15 պարտութիւն:
Վերջին երկու տարեշրջաններուն ակումբին արձանագրած ձախող արդիւնքները՝ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով, հանդիսացան մայրաքաղաքի կազմի ղեկավարութեան գլխաւոր մտահոգութիւնը, հետեւաբար ան որոշեց հեռացնել Փոքեթինօն:
Պատրաստեց՝ Ռաֆֆի Սիւլահեան