Շաբաթ, 11 Յունիս 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Դամասկոսի վրայ իսրայէլեան յարձակումին հետեւանքով, Դամասկոսի Միջազգային Օդակայանին ենթակառոյցը վնասուեցաւ, որուն հետեւանքով ալ օդակայանը աշխատանքէ դադրեցաւ։
 
Այս առիթով, Սուրիոյ Փոխադրութեան Նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, որ յարձակումին եւ օդակայանին աշխատանքէ դադրելուն բերումով՝ Դամասկոսի Միջազգային Օդակայանի թռիչքները կասեցուեցան ցնոր տնօրինում։
 
Միւս կողմէ, սուրիական «Շամ Ուինկզ» օդանաւային ընկերութիւնը յայտարարեց, որ Դամասկոսի Միջազգային Օդակայանէն իր թռիչքները ժամանակաւորապէս ընթացք կ՚առնեն Հալէպի Միջազգային Օդակայանէն, ճամբորդներուն Դամասկոսէն Հալէպ ժամանման ապահովումով։