Հայ երգչախմբային արուեստը մշակութային մեր կեանքը յատկանշող կարեւոր ազդակներէն մէկը եղած է։ Արդարեւ, Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» Մասնաճիւղը երիտասարդ սերունդը հաղորդակից պահելու համար այս արուեստին, վերակազմեց «Կիլիկիա» երգչախումբը, խմբավարութեամբ Հոգեշնորհ Տ. Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Էւա Պետրճիքեանի:
 
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Հ. Օհանջանեան» Մասնաճիւղի Վարչութեան, Չորեքշաթի, 8 Մայիս 2022-ին, «Սարդարապատ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Կիլիկիա» երգչախումբին ելոյթը:
 
Համերգին ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, Առաջնորդի օգնական Տէր Մանուկ Աբղ. Պարիխանեան, Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Ժողովրդապետ Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Կարօ Մանճիկեան, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ քեսապահայ հոծ բազմութիւն մը:
 
Համերգը սկսաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի հանրապետութեան զոյգ քայլերգներով:
 
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Օսան Քիլաղպեան: Երգացանկը կը նեռարէր՝ «Ազգ Փառապանծ» , «Մենք Պէտք Է Կռուենք» , «Հիմի էլ Լռենք» , «Զէյթունցիներ», «Հայաստան» , «Խանի Երգը», «Ով Որ Քաջ Է» , «Կովկասի Քաջեր» , «Գովք Եդեսիոյ» , «Երեւան Էրէբունի» , «Սարդարապատ» , «Գետաշէն» , «Պատերազմ Ենք Գնում» , «Ելեք Հայեր» , «Արդեօք Ովքեր Են» , «Հայեր Միացէք» հայրենասիրական երգերը:
 
Քեսապահայ մշակութասէր հանդիսատեսը վայելեց հոգեպարար ելոյթ մը՝ մատուցուած 27 անդամներէ բաղկացած «Կիլիկիա» երգչախումբին կողմէ:
 
Տեղին է նշել, որ «Կիլիկիա» սենեկային երգչախումբը հիմնուած է 2004 թուականին եւ մինչեւ 2017 ունեցած է վեց ելոյթ։ Այս համերգով երգչախումբը հրամցուց փունջ մը հայրենասիրական երգեր: Ան անգամ մը եւս ինքզինք գերազանցելու մարտահրաւէրը դիմագրաւեց եւ յաջողեցաւ: Այդ մէկը իրականացաւ երգչախումբի անդամներուն ժրաջան աշխատանքով եւ ծով զոհողութեամբ:
 
Համերգի աւարտին, Համազգայինի «Հ. Օհանջանեան» Մասնաճիւղի ատենապետը յուշանուէրով մը պարգեւատրեց խմբավար Տէր Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեանը, որ անսակարկ նուիրումով ջանք չէր խնայած երգչախումբը կրկին բեմ բարձրացնելու համար։
 
Սրբազան հայրը իր եզրափակիչ պատգամով գնահատեց հայր սուրբին տարած աշխատանքը եւ նորանոր յաջողութիւն մաղթեց մասնաճիւղին:
 
Ելոյթը վերջ գտաւ «Կիլիկիա» մաղթերգով եւ սրբազան հօր «Պահպանիչ» աղօթքով:
 
Թղթակից