Կիրակի, 12 Յունիս 2022-ին, Սուրիոյ Տեղեկատուութեան Նախարարութեան պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ-Մըքտատի հետ հեռաձայնային կապ հաստատեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հուսէյն Էմիր Ապտուլլահեանը։
Ապտուլլահեան յայտնեց, որ Իրան խստիւ կը դատապարտէ սուրիական հողերուն վրայ իսրայէլեան յարձակումը, շեշտելով, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ զօրավիգ կանգնիլ Սուրիոյ։
Իր կարգին նախարար Մըքտատ բարձր գնահատեց Իրանի կեցուածքը Սուրիոյ հանդէպ, շեշտելով, որ Սուրիա իսրայէլեան յարձակումներուն պիտի դիմադրէ եւ պիտի շարունակէ ահաբեկչութեան դէմ դնել՝ մինչեւ Սուրիոյ ամբողջական ազատագրումը։