Կիրակի, 12 Յունիս 2022-ին, Սուրիոյ Տեղեկատուութեան Նախարարութեան պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Լիբանանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ, որուն մէջ խստիւ դատապարտեց Դամասկոսի վրայ իսրայէլեան յարձակումը, զայն համարելով ահաբեկչական գործողութիւն։
Նախարարութիւնը աւելցուց, որ Լիբանան իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Սուրիոյ իսրայէլեան յարձակումներուն դէմ դնելու իր ջանքերուն մէջ։