Կիրակի, 12 Յունիս 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Ռուսիա խստիւ կը դատապարտէ սուրիական հողերուն վրայ 10 Յունիսին տեղի ունեցած իսրայէլեան յարձակումը։ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա նախարարութեան կայքին մէջ հրապարակած հաղորդագրութեամբ յայտնեց, որ Ռուսիա խստիւ կը դատապարտէ սուրիական հողերուն վրայ իսրայէլեան իրարայաջորդ յարձակումները եւ Իսրայէլի կոչ կ՚ուղղէ Սուրիոյ դէմ իր թշնամական ընթացքը դադրեցնելու։
Զախարովա Իսրայէլեան յարձակումները ընդվզեցուցիչ համարեց, շեշտելով, որ անոնց պատճառով միջազգային օդուղին վտանգի կ՚ենթարկուի։