“Արմէնփրէս”._ ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանին 14 Յունիսին իր հաւատարմագիրերը յանձնած է Հայաստանի Հանրապետութեան Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Նորա Արիսեան:

«Ինծի համար մեծ պատիւ է Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութիւնը ներկայացնել Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ: Առաւելագոյն ջանք պիտի ընեմ երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման համար՝ ի շահ երկու բարեկամ երկիրներու եւ ժողովուրդներու», ըսած է նորանշանակ դեսպանը:

Նախագահ Վահագն Խաչատուրեան շնորհաւորած է Նորա Արիսեանը պաշտօնի ստանձնումին առիթով եւ յայտնած է, որ հայ-սուրիական յարաբերութիւնները պատմական բարեկամական հիմքերու վրայ ձեւաւորուած են։ «Վստահ եմ, որ ձեր դիւանագիտական փորձն ու գիտելիքները իրենց նպաստը պիտի բերեն հայ-սուրիական յարաբերութիւններու զարգացման համար», ըսած է նախագահ Խաչատուրեան։

Երկուստէք կարեւոր համարուած է հայ-սուրիական բազմոլորտ գործակցութեան նոր բովանդակութիւն հաղորդելու անհրաժեշտութիւնը՝ գործնական քայլերու ձեռնարկումը մշակութային եւ կրթական նոր ծրագիրներու մշակման ուղղութեամբ: