Չորեքշաբթի, 15 Յունիս 2022-ին, Սուրիոյ Փոխադրութեան Նախարարութիւնը իր պաշտօնական կայքով յայտարարեց, որ նախորդ երկու օրերուն ընթացքին, Հալէպի Միջազգային Օդակայանը շուրջ 50 թռիչք կազմակերպեց Դամասկոսի Միջազգային Օդակայանին փոխարէն։ Նախարարութիւնը աւելցուց, որ Հալէպի Միջազգային Օդակայանի անձնակազմը ճիգ չի խնայեր ճամբորդներուն հանգստաւէտ թռիչք ապահովելու համար։