ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է տարածաշրջանային ճանապարհներու բացման հարցին եւ շեշտած, որ այդ նիւթի պարունակին մէջ միջանցքներու մասին խօսքերը անընդունելի են:
«Ալ-Ճազիրա»-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին, պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ են Հայաստանի մօտեցումն ու դիրքորոշումը այն «միջանցք»-ին նկատմամբ, որ ենթադրաբար պէտք է կապէ Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան՝ անցնելով Հայաստանի տարածքով, Փաշինեան պատասխանած է.
«Գիտէք, մեզի համար անընդունելի են այսպէս կոչուած միջանցքի մասին ձեւակերպումները, եւ ատիկա մեզի համար կարմիր գիծ է, քանի որ մեր տարածաշրջանին մէջ, համաձայն եռակողմ յայտարարութեան, որուն մասին նշեցի մեր խօսակցութեան սկիզբը, մենք ունինք մէկ միջանցք, ատիկա Լաչինի միջանցքն է, որը կը կապէ Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին։ Բայց մեր եռակողմ յայտարարութեան մէջ ունինք մէկ այլ դրոյթ, որ հաղորդակցութիւններու բացման մասին է։ Նկատի ունիմ երկաթուղիներ, ճանապարհներ, եւ մենք պատրաստ ենք, իրականութեան մէջ արդէն կը քննարկենք տարածաշրջանային հաղորդակցութիւնները բանալու հարցը՝ երկուստեք ինքնիշխանութեան եւ սահմաններու անքակտելիութեան յարգանքի սկզբունքով»։