Հայ Ծերանոցը, Մեծն Ներսէս Հայրապետի պայծառ օրինակին հետեւելով, 99 տարիներ կը շարունակէ խնամք եւ հոգատարութիւն տածել մեր ժողովուրդի տարեցներուն նկատմամբ:
Մեծն Ներսէս Հայրապետի տօնին առիթով, հովանաւորութեամբ Հայ երեք Համայնքապետներուն՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանին, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանին եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանին, կազմակերպութեամբ՝ Հայ Ծերանոցի մեծ ընտանիքին, Կիրակի, 12 Յունիս 2022-ին, կէսօրուան ժամը 1։00-ին, ԱՄԺ Տան «Անի» ճաշասրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հայ Ծերանոցի աւանդական հացկերոյթը, որ սիրոյ սեղանի շուրջ համախմբեց հայ երեք համայնքապետները, ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան խումբի ներկայացուցիչներ, գերապատիւ, հոգեշնորհ, արժանապատիւ, պատուելի հոգեւոր հայրեր, առաքինազարդ քոյրեր,  հալէպահայ ազգային, եկեղեցական, բարեսիրական, մշակութային, մարզական եւ հայրենակցական միութիւններու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ։
Բացման խօսք արտասանեց Արժ. Տ. Կոմիտաս Ա. Քհնյ. Տատաղլեան, յայտնելով, որ այսօրուան հացկերոյթով կը յիշատակենք հայ ժողովուրդին կողմէ «Սրտերու Լուսաւորիչ» կոչումը ստացած Մեծն Ներսէս Հայրապետին պայծառ յիշատակը, որուն օրինակին հետեւելով 99 տարիներէ ի վեր կը գործէ Հայ Ծերանոցը: «Խորին յարգանք եւ պատիւ մեր ժողովուրդին, որ 99 տարիներէ ի վեր կրցաւ պահել այս նախախնամական տունը, հետեւելով հիմնադիրներուն գծած ուղիին», աւելցուց ան:
Քահանայ հայրը, Հայ Ծերանոցի մեծ ընտանիքին անունով խորին շնորհակալութիւն յայտնեց համայնքապետներուն, որոնք միասնակամ յանձնառութեամբ եւ սիրալիր գործակցութեամբ կը շարունակեն Հայ Ծերանոցի միջ-յարանուանական ուսանելի առաքելութիւնը եւ իրենց շինիչ ու օգտակար ցուցմունքներով եւ քաջալերանքով սատար կը հանդիսանան շարունակելու աստուածահաճոյ եւ մարդասիրական այս սուրբ գործը:
Տէր Կոմիտաս անդրադարձաւ Հայ Ծերանոցը կանգուն պահող նուիրեալ անձերուն, Խնամակալութեան եւ Տնօրէն Աւօ Գաթրճեանի ժրաջան աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ բարերարներ, որոնք Մեծն Ներսէսի օրինակին հետեւելով նեցուկ կը կանգնին մարդասիրական այս օճախին:
Հայ Ծերանոցի խնամակալութեան խօսքը արտասանեց խնամակալութեան ատենապետ Արժ. Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան: Ան փառք տուաւ Աստուծոյ, որ առիթ ընծայեց համախմբուելու Մեծն Ներսէս Հայրապետի տօնին նուիրուած հացկերոյթին առիթով:
Քահանայ Հայրը յայտնեց, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, որոնք ապրեցանք պատերազմի տարիներուն, նաեւ կ’ապրինք մինչեւ օրս՝ յոյսով, լաւատեսութեամբ եւ ծառայութեամբ Հայ Ծերանոցը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ անցեալի իրագործումներով եւ ներկայ մարտահրաւէրներով, շնորհիւ՝ Աստուծոյ օրհնութեան, երեք հոգեւոր պետերու հովանաւորութեան, տնօրէնին,  խնամակալութեան, տիկնանց օժանդակ յանձնախումբին աշխատանքով եւ բարերարներու մասնակցութեան:
«Հայ Ծերանոցը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը եւ կը գոյատեւէ Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ ձեր շնորհիւ, սիրելի՛ հաւատացեալներ, դուք, որ հաւատքը գործով կ’արտայայտէք, սէրը ճշմարտութեամբ կը թարգմանէք եւ ձեր առօրեայ կեանքին մէջ մշտապէս գործօն ներկայութեամբ ցոյց կու տաք, թէ Հայ Ծերանոցը ձեր կեանքին մէջ կեդրոնական տեղ ունի», աւելցուց Տէր Խորէն:
Հայ Ծերանոցի տնօրէն Աւօ Գաթրճեան, Հայ Ծերանոցի 100-ամեակին ընդառաջ ներկայացուց ծերանոցի միամեայ գործունէութեան համառօտ տեղեկագիրը՝ զեկուցելով Հայ Ծերանոցէն ներս տարուած խնամատարական եւ ծառայողական աշխատանքներուն, յարաբերական եւ եկեղեցական կեանքին, տեղի ունեցած այցելութիւններուն, ազգային-եկեղեցական տօնակատարութիւններուն եւ օժանդակութիւններուն մասին:
Ան երախտագիտական եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց երկրի Վսեմաշուք Նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ-Ասատին եւ Առաջին Տիկին՝ Ասմա ալ-Ասատին, Հայ Ծերանոցին հանդէպ իրենց մշտական հոգատարութեան համար: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց հայ երեք համայնքապետներուն, որոնք յորդորներով ու նիւթական յատկացումներով կանգուն կը պահեն Հայ Ծերանոցը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ Սուրիոյ մէջ Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Տիգրան Գէորգեանին, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան Խորհրդական Բաբգէն Պատալեանին, ՀՀ զինուժին, Մարդասիրական Առաքելութեան Խումբի ղեկավար գնդապետ Արկատի Տօնոյեանին եւ խումբի անձնակազմին, Ծերանոցի Խնամակալութեան, Տիկնանց Օժանդակ յանձնախումբին, հայ ժողովուրդի հեռաւոր եւ մերձաւոր կազմակերպութիւններուն, եկեղեցիներուն, բարեսիրական, մարզական, մշակութային, հայրենակցական եւ այլ հաստատութիւններու եւ անհատ ու անանուն բարերարներուն եւ ներկաներուն, որոնք սատարած են Հայ Ծերանոցի գոյութեան:
Հալէպահայ երգիչ Կարօ Պէրէճիքլեան ժողովրդային եւ հայրենասիրական երգերով ճոխացուց մթնոլորտը:
Հայ Ծերանոցի մարդասիրական գործունէութիւնը քաջալերելով, կատարուեցան նուիրատուութիւններ:
Երեք Համայնքապետներուն անունով խօսք արտասանեց Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, որ անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած որբերուն, յայտնեց թէ «Հալէպի այսօրուան մեր գոյութիւնը մենք արդարօրէն կը վերագրենք այդ օրերու որբերու եւ չափահասներու ընտանիք կազմելու վճռակամութեան»: Ան յայտնեց, որ մեր աչքի լոյսին պէս կը խնամենք Հայ Ծերանոցը, որուն շուրջ առանց խտրականութեան կը համախմբուի հայ ժողովուրդը իր բոլոր բաժիններով:
«Մենք պէտք է արդար դեսպաններ դառնանք Հայ Ծերանոցի՝ մերձաւոր եւ հեռաւոր բոլոր տեսակի կազմակերպութիւններու եւ միութենական մարմիններու մօտ եւ մեր դեսպանութեան առաքելութեան մէջ նկատի ունենանք օղակաւորելու պարտաւորութիւնը, որպէսզի Հայ Ծերանոցը կարենայ այսօր իր պարտականութեան վրայ կանգնիլ», հաստատեց Վերապատուելին:
Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց բարերար անհատներուն, կազմակերպութիւններուն, համայնքներուն եւ բոլոր բարերարներուն, այստեղ եւ այլուր, որոնք իրենց լաւագոյնը կը շարունակեն տալ, մնայուն կերպով իրենց ուշադրութեան կիզակէտը դարձնելով Հայ Ծերանոցը:
Մարինա Պօղիկեան