Զաւակներուս նախնական ուսման տարիներուն ամէն ջանք կը թափէի, որ անոնք չբացակային դպրոցէն։ Երբ վաղ առաւօտեան անհանգըստանային, ջերմութիւն ունենային, տագնապի կը մատնուէի եւ անմիջապէս դեղ տալով դպրոց կ’ուղարկէի զանոնք։ «Ինչ կ’ուզէ, թող ըլլայ, միայն թէ չբացակային», ինքզինքս կը համոզէի, որ ներկայութիւնը պարտադիր է դասը լաւապէս ըմբռնելու համար։
Երբեմն «Մամա՛, այսօր ալ չերթամ» ըսելով կ’աղաչէին ալ, բայց այդ մէկը անվիճելի էր։ Այնքան կ’ապշէի, երբ լսէի ծնողներ անհեթեթ պատճառաբանութիւններով իրենց զաւակները չեն ղրկեր դպրոց: Խորքին մէջ այս տարօրինակ թուող կեցուածքս հակազդեցութիւնն էր մանուկ հասակիս ունեցած մէկ փորձառութեանս։
Նախնական ուսմանս տարիներուն յաճախակի նշագեղձի բորբոքում կ’ունենայի եւ երբ բացակայէի, դասերս կ’առնէի ամենակոկիկ եւ մաքուր ձեռագիր ունեցող, աշխատասէր դասընկերուհիէս, որ միեւնոյն ատեն կիրթ ու քաղաքավար էր։ Երբ իրենց բնակարանը երթայի, գրեթէ ներս չէի մտներ, որովհետեւ ժամանումս կէսօրուան հանգիստի ժամերուն կը զուգադիպէր։ Մայրը կը պատուիրէր, որ դուրսը՝ աստիճաններուն վրայ նստիլ տար զիս: Դասընկերուհիս սիրայօժար կ’օգնէր ինծի, բայց երբեք չեմ յիշեր, որ օր մը կողքս, գետինը, աստիճանին վրայ նստած ըլլար, որովհետեւ մաքրասէր էր եւ չէր ուզեր աղտոտիլ, մայրը չէր արտօներ: Յիշողութեանս մէջ մնացած է դասընկերուհիս, դէմս, ոտքի կանգնած դասերը փոխանցելու ճիգին մէջ: Մինչ մայրը՝ լրջադէմ, ատենը մէկ գլուխը դրան նեղ բացուածքէն կ’երկնցնէր, տեսնելու, որ ո՛ւր հասանք։
Ան Աստուածապաշտ դպրուհի մըն էր, խիստ կարգապահ, միեւնոյն ատեն տան անդամներուն հանգիստը ապահովող պարտաճանաչ տնտեսուհի մը։ Երբ զինք պատկերացնեմ, առանց շղարշի եւ ուխտի գօտիի չեմ յիշեր: Չեմ յիշեր թէ այդ տարիքիս անգամ այպանած եմ զինք իր խստութեան համար, որովհետեւ կարգ ու կանոնի չափանիշ մը ունէր, որ կը յարգէի, եւ պէտք էր այդ վիճակը ընդունէի, որքան ալ փոքր ըլլայի, սակայն արժանապատուութիւնս կը թելադրէր ուրիշի օգնութեան դիմելու պարտադրանքին տակ չմտնել…։
Այսօր կը հասկնամ, որ զաւակներուս բացակայութիւնը կանխելու համար ապրած տագնապներս արդիւնքն էին այդ փորձառութեանս: Փաստօրէն ենթագիտակցութեանս մէջ կար հաւասարութեան բանաձեւ մը. բացակայիլը՝ հաւասար է ուրիշի դիմելուն, ուրիշին դիմելը՝ հաւասար է նուաստանալուն։
Արդեօ՞ք այսօր որպէս հաւատացեալներ՝ դպիր-դպրուհիներս, ապաշխարած եմ ըսողներս, Աստուածաշունչի համարները գոց սորվողներս կամ որեւէ վայրի մէջ Աստուծոյ ծառայողներս, որ Քրիստոսի բոյրը կը բուրենք. մեզմէ քանի՞ն ճիշդ վարուելակերպի ոսկեայ օրէնքը կը կիրարկէ. «Ուստի ամէն ինչ որ կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք, քանզի այս է օրէնքը ու մարգարէները» (Մտ 7.12)։
Ճիշդ է, որ այս դէպքը թաղուած էր քառասուն տարի եւ  նոր պարզուեցաւ անոր ազդեցութիւնը, ինչո՞ւ ուրեմն բացի կու տայի…: Չէ՞ որ մինչեւ օրս մէկու մը հետ չէի բաժնեկցած, չէ՞ որ մինչեւ օրս տպաւորութիւններուս մէջ շատեր օրինակելի, բարեպաշտ անձեր մնացած էին, ինչո՞ւ մղում ունէի պատմելու, յօդուածիս նիւթը դարձնելու այսպիսի դէպքի մը ազդեցութիւնը… այսպէս ես ինծի հարց կու տայի, երբ պատասխանը չուշացաւ. «Վասնզի բան մը չկայ ծածուկ՝ որ պիտի չյայտնուի եւ գաղտուկ՝ որ չգիտցուի։ Ուստի ինչ որ մութ տեղը ըսիք, անիկա լոյս տեղը պիտի լսուի եւ այն որ ներքին սենեակներու մէջ ականջի խօսեցաք, տանիքներու վրայ պիտի քարոզուի»։
Իրականութիւնը դառն էր, ճշմարտութիւնը՝ անխուսափելի, ուստի եզրակացուցի, որ մարդու երկրաւոր կեանքին ընթացքին գործած բոլոր ծածուկ արարքները ուշ կամ կանուխ պիտի ՅԱՅՏՆՈՒԻՆ ու ՊԱՏՄՈՒԻՆ։
Նայիրի Ատուրեան-Ֆրանքեան