Որովհետեւ ամէն անգամ որ ծառ տնկեր, ստիպուած կ’ըլլար լքելու իր տունն ու տեղը. իր տնկած ծառերուն շուքն ու պտուղը ուրիշներ կը վայելէին … որովհետեւ կ’ապրէր Թուրքիոյ տարածքին:
«Թուրքերը, իրենք զիրենք ճանչնալու համար, պարտաւոր են Օշական թարգմանել» կամ «Պարտաւոր են Օշական թարգմանել, կէս դար ետքը, ճանչնալու համար իրենց վաւերական կերպարանքը» գրած է Յակոբ Օշական իր «Համապատկեր»ի 10-րդ հատորին մէջ:
«Օշականի վէպին մէջ թուրքը եթէ ո՛չ նոր, գէթ քիչերու ծանօթ ցեղի մը կը պատկանի: Եւրոպան անկէ ոչինչ գիտէ: … Օշականի բոլոր թուրքերը հիմնովին զերծ են ռոմանթիզմէ, վասնզի թուրքը ինքնին դեռ այդ վիճակին անընդունակ անասունն է» կ’ըսէ Հայր Տաճատ Եարտմեան:
Թերեւս Յակոբ Օշական միակ հայն էր, որ իրապէ՛ս ծանօթ էր թուրքի կերպարին՝ նախնական, ծայրայեղօրէն բնազդային եւ արեան ծարաւ:
Այսօր մենք, որպէս երկիր թէ սփիւռք, նոյնքան չենք ճանչնար թուրքը, որքան թուրքը ինքզինք չէր ճանչնար հարիւր եւ աւելի տարիներ առաջ: Այսօր դժբախտաբար շրջուած է վիճակը, այսօր մե՛նք է որ չենք ճանչնար թուրքը, մանաւանդ հայրենի ժողովուրդը կամ պետական այրերը, որոնք իրենք զիրենք կը համոզեն «բարի դրացնութեան» քարոզներով:
Թուրքը ճանչնալու լաւագոյն միջոցներէն մէկն ալ Ջարդի եւ գաղթականութեան յուշագրութիւններ կարդալն է, որոնց ընթերցումը շատ դժուար է թէեւ, բայց շատ կարեւոր: Նման յուշագրութիւններ հրատարակուած են Ջարդին յաջորդող յիսուն տարիներուն ընթացքին: Վերջերս սակայն, Ջարդի սերունդին անհետացումով, այդ հրատարակութիւններն ալ դադրած են:
2013-ին Թուրքիոյ Արաս հրատաարակչատունէն լոյս կը տեսնէր Ֆէրման Թորոսլարի թրքերէն «Աքսոր» (Surgun) յուշագրութիւնը, որուն ենթախորագիրը կը բացայայտէ անոր բնոյթը՝ «Ապստամբութեան բովէն անցած մութքեցի հայ ընտանիք մը»:
2022-ին Երեւանի մէջ «Լուսակն» հրատարակչատունէն լոյսին կու գայ նոյն այդ գիրքին հայերէն թարգմանութիւնը, զոր շատ յաջող կերպով կատարած է նախկին հալէպահայ, «Գանձասար» շաբաթաթերթի նախկին խմբագրուհի Մարի Մերտխանեան-Եարալեան:
Այս յուշագրութիւնը ոչ Ջարդի մասին է, ոչ ալ գաղթականութեան, այլ աւելի ուշ շրջանի մը յուշագրութիւնն է, «թուրքացման եւ իսլամացման գործընթացներով, որոնք անընդմէջ շարունակուել են նաեւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան ամբողջ ընթացքում», ինչպէս կը գրէ «Աքսոր» գիրքի Յառաջաբանին մէջ Մելինէ Անումեանը:
Իրապէ՛ս, մեզի միշտ ալ թուացեր է, որ թրքական բարբարոսութիւնը Ջարդով եւ տեղահանութեամբ վերջ գտած է, բայց իրողութիւնը շատ հեռու է այդպէս ըլլալէ. այս մասին գաղափար կազմելու համար պէտք է իմանալ Թուրքիոյ վերաբնակեցման օրէնքը, 1930-ականներուն սկսած «հայրենակի՛ց, թրքերէն խօսի՛ր» լոզունգը, 1937-1938-ի Տէրսիմի կոտորածը, Իսթանպուլի յոյներուն արտաքսումը երկրէն, եւ տարբեր տեսակի բազմաթիւ բռնութիւններ, որոնց միակ նպատակը փոքրամասնութիւնները ձուլելն է:
Այս հարցին առաջին անգամ անդրադարձեր է Շնորհք Պտրք. Գալուստեան, 1980 թուականին, խօսելով ծպտեալ եւ կրօնափոխ հայերու մասին, հակառակ անոր որ ազգային հարցերու անդրադառնալը խստիւ արգիլուած էր Թուրքիոյ մէջ:
«Թուրքիոյ պետութեան հետ քաղաքացիական կապով կապուած ամէն ոք թուրք է», այլ խօսքով՝ Թուրքիոյ քաղաքացին թուրք կը համարուի: Միա՛յն այս օրէնքին մասին եթէ մտածենք, պիտի անդրադառնանք թէ իրապէ՛ս կը շարունակուի Թուրքիոյ բարբարոս քաղաքականութիւնը փոքրամասնութիւններու, մանաւանդ հայերու դէմ: Այսքանը խիստ անհրաժեշտ է իմանալ մանաւանդ այսօր, երբ կարգ մը կողմեր բարի դրացնութեան եւ բարեկամական յարաբերութիւններու մասին կը խօսին. անոնց խօսքը կը հաստատէ թէ իրապէ՛ս որքան անգիտակ են թուրք կերպարին էութեան եւ թէ որքան կոյր են անոր վտանգին:
Բռնի իսլամացումն ու թրքացումը կը շարունակուին մինչեւ օրս, թէեւ հայ մեծ մայրեր ունեցող կարգ մը թուրք գրագէտներ սկսած են գրել այդ մասին, ինչպէս Քէմալ Եալչըն՝ «Հոգիս Քեզմով կը Խայտայ», Ֆէթհիէ Չէթին՝ «Մեծ Մայրս», կամ այլ գրագէտներ, ինչպէս Էլիֆ Շաֆաք կամ Օրհան Փամուք,  որոնք կ’անդրադառնան հայկական հարցին իրենց վէպերուն մէջ, ինչպէս օրինակ «Իսթանպուլի Ընկեցիկը», կամ «Ձիւնը» յաջորդաբար:
Այլ խօսքով հայերուն գոյութիւնը Թուրքիոյ գաւառներուն մէջ եւ այսօր անոնց «անհետացումը» այդ տարածքներէն, սկսած են անպաշտօն կերպով յիշուիլ եւ անդրադարձ գտնել թուրք ընթերցող հասարակութեան մօտ: Դժբախտաբար շատ փոքր է տակաւին անոնց թիւը, որոշ փոփոխութիւն մը յառաջացնելու համար:
«Աքսոր»ը լոյսին կը բերէ հայ ընտանիքի մը դժբախտ ոդիսականը, երբ ստիպուած մէկ գիւղէն միւսը      կը ճամբորդէ. այդ գիւղերը մեզի ծանօթ չեն, ոչ միայն որովհետեւ երկրին խորը գտնուող աննշան գիւղեր են, այլ նաեւ անոր համար, որ Արեւմտահայաստանի շատ գիւղեր եւ աւաններ այսօր թրքական անուններ ունին, իսկ հայկականները մոռցուած են արդէն:
Գիրք մըն է ասիկա, որուն ընթերցումը յոյժ կարեւոր է իւրաքանչիւրիս համար, որպէսզի մնանք մի՛շտ արթուն եւ պատրաստ վտանգի մը առջեւ, որ դարանակալ կը դիտէ մեզ, այնքան երկար ժամանակէ ի վեր:
Այսօր, բարեբախտաբար, Ֆէրման Թորոսեանի Նիւ Ճըրզի գտնուող տունը շրջապատուած է ոչ միա՛յն արդէն հասակ առած ծառերով, այլ նաեւ «երկրէն» բերուած կիլկիլի (կորեկի տեսակ մը) թուփերով:
Մարդը, որ ծառատունկով կարծէք իր վրէժը կը լուծէ:
Մարուշ Երամեան