Լաթաքիա (արաբերէն՝ Լազքիէ) պատմական Լաւոթիկէ ծովեզերեայ քաղաքն է, որ աշխարհագրական մեծ նշանակութիւն ունի:
Լաթաքիոյ հայ համայնքը սուրիահայ համայնքի կարեւոր մէկ մասն է: Անցեալին Լաթաքիան եղած է Երուսաղէմ ուխտի գացող հայերու միջանկեալ կայան, որ կոչուած է հոգետուն, զորս տեղացիները «Քէտուն ալ-Արման» կը կոչեն:
Ծնած ու հասակ նետած եմ այս քաղաքին մէջ: Եղած եմ ականատեսը հայ առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ զանգակատան կառուցման աշխատանքներուն:
Լաթաքիոյ Հայոց հնադարեան եկեղեցին կը գտնուի ճիշտ Յունաց հնադարեան Սուրբ Նիկոլուս եկեղեցւոյ (Մար Նիքոլա) դիմացի մայթին եզերքը: Նոյն թաղամասը կը գտնուի Յունաց Առաջնորդարանը:
Եկեղեցւոյ դիմացը կանգնած է նաեւ նորակառոյց մզկիթ մը, որ նախկինին նորոգուած տարբերակն է: Մզկիթին վայրը անուանուած է Լաթաքիան գրաւող իսլամ ղեկավար Իպատա պըն Սամէթի անունով:
1960-ին, Լաթաքիոյ Հայոց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն էր Տէր Դանիէլ Քհնյ. Գէորգեան, որ փոխարինած էր Հալէպ տեղափոխուած Տէր Վահան Քհնյ. Գրիգորեանին: Լաթաքիոյ հայոց եկեղեցին ունէր փոքրիկ գմբէթ մը,  փոքր զանգակատուն եւ զանգակ մը: Վերջինները նման էին եկեղեցւոյ  դիմացը մինչեւ օրս կանգնող յունաց Սուրբ Նիքոլաուս եկեղեցւոյ զանգակատան եւ զանգակին:
60-ականներուն կ’որոշուի եկեղեցւոյ համար նոր զանգակատուն մը կառուցել:
Այս գործը կը վստահուի լաթաքիացի վարպետ Յարութիւն Տէիրմէնճեանին, որ ճանչցուած էր որպէս  Պէթոնճի Արթին: Կը կառուցուի եկեղեցւոյ գմբէթն ու զանգակատունը եկեղեցւոյ տանիքին վրայ՝ սիմենթով ու երկաթով: Գմբէթը հսկայական տեսք կու տայ եկեղեցւոյ եւ զանգակին ձայնը հասանելի կը դառնայ տասնեակ մեթր շառաւիղով:
Տեղեակ չեմ, թէ ո՛վ էր երկրաչափը, սակայն գիտեմ որ այդ շրջանին շինարարութեան մասնագէտներ էին Տիգրան Աբգարեանը, եղբայրներ Յակոբ եւ Երջանիկ Կարպուշեանները:
Այդ շրջանին Լաթաքիոյ Հայոց թաղական խորհուրդի անդամներէն էին.
Կարապետ Ուղուրլեան,
Հայկազ Մեսումեան,
Օննիկ Պէրպէրեան,
Նազարէթ Փօլատեան,
Պօղոս Փանոսեան «Պօղոս Չաւուշ»,
Ռըզքալլա Ասատուր:
Եկեղեցւոյ զանգակը ապսպրելու եւ գնելու համար կը լիազօրուին Տէր Դանիէլ քահանան եւ ազգային գործիչ ու դպրապետ Հայկ Ղազարեանը: Զանգակը կը ձուլուի Պէյրութ, Լիբանան: Զանգակի պղինձին կը խառնուի անգլիական ոսկի, որպէսզի ձայնը աւելի ջինջ հնչէ: Ապա զանգակը կը բերուի Լաթաքիա եւ կ’ամրացուի զանգակատան պատին մէջ՝ երկու հաստ երկաթեայ կամուրջներու վրայ:
Զանգակը հնչեցնողը պէտք էր յատուկ դիրք բռնէր, որ զանգակին հետ վե՛ր չբարձրանար ու չվնասուէր:
Եկեղեցւոյ զանգակը 60 տարիներէ ի վե՛ր կը հնչէ ու իր հիասքանչ ղօղանջը կը սփռէ ողջ շրջանի տարածքին:
Ամէն արեւագալին ու արեւմուտքին եկեղեցւոյ զանգը կը հնչէ ու հաւատացեալները կը հրաւիրէ աղօթքի:
Յուղարկաւորութեան զանգը կը հնչէ դանդաղ, յատուկ կշռոյթով, Սուրբ Պատարագի մեկնարկին՝ Խորհուրդ խորին շարականին երգեցողութեամբ, որ կ’աւարտի՝ «Թագաւոր երկնաւոր, զեկեղեցի քո անշարժ պահեայ» նախադասութեամբ:
Եկեղեցւոյ գմբէթի խաչը ունէր յատուկ ոճ, քառանկիւն, ապակեայ, մէջը լուսաւոր լամբեր, որոնք աւելի երեւելի կը դարձնէին զայն բոլոր ուղղութիւններով:
Եկեղեցին ու գմբեթը քարապատուեցաւ ու օրհնուեցաւ Թեմի շինարար Առաջնորդ Գերշ. Տէր Սուրէն Սրբ. Արք.Գաթարոյեանի ձեռամբ: (Տես՝ «Գանձասար» Բացառիկ 2019 Ն.Մ.):
Կէս դար ամբողջութեամբ եկեղեցւոյ ժամկոչն ու դպիրը եղած է Աբրահամ Սարգօն, որ մինչեւ երկրային իր կեանքին վերջը ամենայն հաւատքով ու նուիրումով գործած է:
Քսան տարիներէ ի վեր եկեղեցւոյ ժամկոչն է Փօլ Շաուիթօն, որ նաեւ ուրարակիր դպիր է եւ միեւնոյն հաւատքով ու նուիրումով կը կատարէ ժամկոչի իր պարտականութիւնը:
Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանի առաջնորդութեան շրջանին եկեղեցւոյ գմբէթի նոր  ու ծաղկեալ խաչը օրհնուեցաւ ու զետեղուեցաւ գմբէթին:
Այսօր, Լաթաքիոյ Հայոց Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, Առաջնորդութեամբ Բերիոյ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Եպս. Զօպուեանի եւ հոգեւոր հովիւ Տէր Վազգէն Քհնյ. Քէօշկէրեանի, կը շարունակէ հնչեցնել Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ զանգը ու անմար կը պահէ Լուսաւորիչի կանթեղը:
Հայոց մեծն բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեան կը գրէ.
Կէս գիշերին կանթեղը վառ
Կախ է ընկած երկընքից,
Լուսաւորիչի կանթեղն անմար,
Հայոց մըթնած երկընքից:
Նա Կտեսնի էն մըշտավառ
Ջահը կախուած երկընքից,
Ասես Աստուծոյ աչքը պայծառ
Հսկում է ցած երկընքից:
Տոքթ. Նորայր Մանճեան