ՀՈԳԵԿԱՆ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, ՈՐՈՆՔ ԿԸ ՔՈՂԱՐԿՈՒԻՆ ԲՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՍՈՎՈՐԱԿԱՆ ԳԻԾԵՐՈՒ ՏԱԿ
Ընդհանրապէս մարդոց քայլերն ու արարքները կը վերագրենք անոնց բնաւորութեան: Բայց այդ բոլորին տակ թաքնուած իրողութիւններ կան:
Ամերիկացի հոգեբաններ Ահարոն Փեկ ու Արթուր Ֆրիմըն բացայայտած են մարդկային խառնուածքի կարգ մը գաղտնիքներ:
Հիմնուելով գիտական աշխատանքի վրայ, անոնք ուղեցոյց պատրաստած են մարդկային բնաւորութեան 10 գիծերու մասին, որոնք հոգեբանական հարցերու ախտանշաններ են եւ կրնան հարցեր յառաջացնել, եթէ հսկողութեան ենթակայ չդառնան:
Յիշենք բնաւորութեան բացասական քանի մը գիծեր.
1- Անբարեխղճութիւն
Այս խումբին կը պատկանին բոլոր այն մարդիկ, որոնք կը ձգտին շատ հանգստանալ եւ քիչ աշխատիլ: Օրինակ. եթէ ընկերութեան մը աշխատակիցը տարուան ընթացքին քանի մը անգամ բացակայած է հիւանդութեան պատճառով, քանի մը անգամ արձակուրդ վերցուցած է, ոչ-բանաւոր բացակայութիւններ ունի եւ այս բոլորին կողքին ամէն օր կ’ուշանայ իր աշխատանքէն, հոգեբանը անոր մօտ հոգեբանական հարցի մը գոյութիւնը կը նշմարէ:
Նման մարդիկ յաճախակիօրէն սուտ խօսելու վարժութիւն, ուրիշին հաշուոյն ապրելու հակում ունին, աշխատանքէ յաճախ կը փախչին՝ առանց արդարացումի եւ յաճախ իրենց վաստկած գումարները կը վատնեն անտեղի գնումներով:
Նման մարդիկ հարկ է, որ կառավարեն ու բարելաւեն իրենց բնաւորութեան այս գիծը հոգեբանի աջակցութեամբ:
2- Ամչկոտութիւն
Ամչկոտութիւնը ժամանակի ընթացքին  կրնայ աճիլ եւ կատարեալ մեկուսացման հասցնել անհատը՝ արտաքին աշխարհին հետ անոր կապերը խզելով:
Այսպիսի հոգեկան հարց ունեցող մարդիկ կը փորձեն սահմանափակել  իրենց յարաբերութիւնները եւ հեռակայ դրութեամբ աշխատանք կը նախընտրեն, որպէսզի շփումներ չունենան մարդոց հետ:
Այս հիւանդութիւնը կարելի է կանխել տարբեր ձեւերով, ինչպէս օրինակ խմբային  գործունէութիւններու, դասընթացքներու մասնակցութեամբ:
3- Ձգձգումի հակում
Այսպիսի ախտով տառապողները գործերը տեւաբար յետաձգելու սովորութիւն ունին:
Գործերը յետաձգելու հոգեվիճակը դուռ կը բանայ այլ վիճակներու, ինչպէս օրինակ գրգռուածութեան, բարկացկոտութեան եւ այլն:
Նման վիճակներ կը բուժուին հոգեբանական խաղերով, երբ տուեալ անձերուն պարտականութիւն կը տրուի նոյն վիճակի մէջ եղող անհատներու հետ գործ ունենալ, որպէսզի իրենց մորթին վրայ զգան իրենց վարքին հետեւանքն ու սրբագրեն զայն:
4- Սաստիկ բարկութիւն
Եթէ անհատը չի կրնար զսպել իր բարկութիւնը, ուրեմն ունի հոգեբանական հարց: Այս հարցին ախտանշաններէն կը համարուին ընկերային եւ սիրային կապերու բացակայութիւնը, անզգոյշ մեքենայ վարելը, տրամադրութեան կտրուկ փոփոխութիւնները եւ այլն:
Նման անհատներու խորհուրդ կը տրուի բարկութիւնը կառավարելու հոգեբանական դասընթացքներու յաճախել: Արդիւնքը անպայման նկատելի կը դառնայ անոր վարքին ընդմէջէն:
***
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԱՌԱԾՆԵՐ
Առած-ասացուածքները բանահիւսական ամենատարածուն խօսքերէն կը համարուին։ Անոնք փոքր նախադասութիւններէ կը բաղկանան եւ կ’արտայայտեն ժողովուրդին մտածելակերպն ու աշխարհայեացքը։ Առածները ընդհանրապէս փոխաբերական խօսքեր են, իսկ ասացուածքները անմիջականօրէն կ’արտայայտեն որեւէ միտք կամ խրատ։
-Ըսէ ո՞վ է ընկերդ, ըսեմ ո՛վ ես դուն։
-Ադամանդը ցեխին մէջ ալ իր արժէքը չի կորսնցներ:
-Աղքատը եթէ գողութեան ելլէ, լուսնկան կանուխ կը ծագի:
-Ամէն ծաղիկ բոյր չ’ունենար:
-Ամէն ծառ իր պտուղէն կը ճանչցուի:
-Ամէն նուագի տակ չես պարեր:
Սոնա Տէր Պօղոսեան-Տարաքճեան