17 Յունիսին ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարար Վոպքէ Հոքսթրայի հետ։ Հայաստանի եւ Հոլանտայի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարները գոհունակութիւն յայտնած են երկու երկիրներու միջեւ քաղաքական երկխօսութեան առկայ դրական մթնոլորտի, տարբեր ոլորտներու մէջ սերտ գործակցութեան, ինչպէս նաեւ բարձր եւ բարձրագոյն մակարդակներու վրայ փոխայցելութիւններու աշխուժութեան առնչութեամբ։ Զրուցակիցները առանձնապէս ընդգծած են ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ Հոլանտա կատարած այցելութեամբ ձեռքբերուած համաձայնութիւններու հետեւողական իրականացումը։ Նախարար Միրզոյեան կարեւոր համարած է Հոլանտայի ցուցաբերած աջակցութիւնը Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեփոխումներու լայն օրակարգին, եւ յոյս յայտնած է, որ կողմերու միջեւ հաստատուած արդիւնաւէտ փոխգործակցութիւնը շարունակական բնոյթ կ’ունենայ։ Հոքսթրան իր կարգին բարձր գնահատած է ժողովրդավարական զարգացման հարցով Հայաստանի գրանցած զգալի յառաջընթացը: Հայաստանի եւ Հոլանտայի միջեւ տնտեսական գործակցութեան զարգացման համար կարեւոր համարած է երկու երկիրներու գործարար շրջանակներու միջեւ շփումներու աշխուժացումը, միատեղ ծրագիրներու իրականացումը։
 
Հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին կողմերը անդրադարձ կատարած են նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան շարք մը հարցերու։ Նախարար Միրզոյեան իր զրուցակցին ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ ստեղծուած իրավիճակը եւ հայկական կողմի դիրքորոշումը՝ տարածաշրջանային խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ուղղուած գործընթացներուն, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար։ ՀՀ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը բարձր գնահատած է Արցախի դէմ սանձազերծուած ատրպէյճանական յարձակումի դատապարտման մասին Հոլանտայի խորհրդարանի կողմէն շուրջ երկու տասնեակ բանաձեւերու ընդունումը: Անդրադարձ կատարուած է 44-օրեայ պատերազմէն վերջ Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական հարցերուն։ Երկու երկիրներու նախարարները դիտել տուած են Ատրպէյճանի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձերու անյապաղ հայրենադարձութեան հրամայականը: ՀՀ ԱԳ նախարարը շեշտած է ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ յայտնուած տարածքներու մէջ հայկական մշակությային եւ կրօնական ժառանգութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը։ Նախարար Միրզոյեան իր գործընկերոջին ներկայացուցած է նաեւ Հայաստան-Թուրքիա կարգաւորման գործընթացին վերջին զարգացումները: