18 Յունիս 2022_ին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը, հետամուտ ըլլալով տեղեկատուական անվտանգութեան ոլորտի մէջ օրէնսդրութեամբ իրեն վերապահուած գործառոյթներու եւ լիազօրութիւններու իրականացման, իրազեկած է, որ ատրպէյճանական յատուկ ծառայութիւնները դիմատետրի ընկերային ցանցի արցախեան տիրոյթի մէջ կը շարունակեն հայկական օգտահաշիւներով կեղծ լուրեր տարածել եւ փորձել վախի մթնոլորտ ստեղծել։ Այս մասին ըսուած է ԱՀ ԱԱԾ յայտարարութեան մէջ:
 
«ԱՀ ԱԱԾ-ն համապատասխան քայլեր ձեռնարկած է կարելի զարգացումները կանխարգիլելու համար: Կոչ կ’ուղղենք չտարուիլ կեղծ լուրերու եւ հեռու մնալ կասկածելի լուրեր տարածելէ, անոնց հետ ընկերային ցանցերու վրայ քննարկում կատարելէ եւ հետեւելու միայն պաշտօնական լրահոսին», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: