Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Լաւրով 23_24 Յունիսին աշխատանքային այցելութեամբ պիտի մեկնի Ատրպէյճան։ Այս մասին ճեպազրոյցով յայտարարած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան։
 
Ինչպէս նշած է Զախարովան, նախատեսուած են բանակցութիւններ երկրի արտաքին գործոց նախարարին հետ, կը սպասուի հանդիպում նախագահին հետ։ «Կը նախատեսուի քննարկել եւ մանրամասնօրէն դիտարկել շարք մը արդիական տարածաշրջանային եւ միջազգային հարցեր։ Առանձնայատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձուի 9 Նոյեմբերի 2020-ի, 11 Յունուար 2021_ի, 26 Յունիսի բարձր մակարդակի եռակողմ համաձայնագրերու իրականացումին», ըսած Զախարովա։