“Թերթ”._Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Պեգլարեան արձագանգած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հերթական կեղծ յայտարարութիւններուն Արցախի մասին: Իր էջին վրայ Պեգլարեան գրած է.
«Այո, Լեռնային Ղարաբաղ գոյութիւն չունի, որովհետեւ գոյութիւն ունի Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) Հանրապետութիւն, եւ ատիկա միջազգային իրաւունքի տուեալ է, թէեւ պաշտօնապէս միջազգայնօրէն ճանչցուած չէ:
 
Ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութիւնը չէ կարգաւորուած եւ պիտի չի կարգաւորուի այնքան ատեն, որ Ատրպէյճանը նկատի չէ առած Արցախի բնիկ ժողովուրդի ինքնորոշման անկոտրում իրաւունքը»։
 
Արցախի պետնախարարի խօսքին հանաձայն, աւելի լաւ պիտի ըլլար, որ Ալիեւ աւելի շատ մտածեր Ատրպէյճանի սահմանադրութեամբ իրեն վերապահուած լիազօրութիւններու բարեխիղճ կատարումին մասին ՝ երաշխաւորելով սեփական քաղաքացիներուն ( լեզգիներու, թալիշներու, աւարներու, թաթարներու եւ այլ փոքրամասնութիւններու) իրաւունքներու ապահովումը ՝ հայերու իրաւունքներու մասին «մտահոգուելու» փոխարէն։
 
«Արդեօք Ալիեւ յանկարծ յիշէ, թե ինչ տեղի ունեցած է Խորհրդային Ատրպէյճանի մէջ աւելի քան 500 000 հայերու հետ, թէ Ատրպէյճանի կողմէն բռնագրաւուած Արցախի տարածքներուն մէջ կա՞յ թէկուզ մէկ հայ», գրած է Պեգլարեան: