ՏԵՂԱԿԱՆ 
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ 
– Հալէպի Համատանիէ մարզադաշտին վրայ Հալէպի Իթթիհատը երկու անգամ յաջողեցաւ պարտութեան մատնել աւարտական փուլի մրցակից Քարամէն: Առաջինին, Իթթիհատ յաղթեց 73-56 արդիւնքով, իսկ երկրորդ հանդիպումը վերջ գտաւ 79-73 արդիւնքով:
– ՀՄԸՄ-ի աղջկանց խումբի խաղացող Սոնիա Չամսաքեան մաս կազմեց Սուրիոյ U-16-ի վերջնական կազմին, որ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Ասիոյ մրցաշարքին: Հաւաքականը 11-22 Յունիս 2022-ին Դամասկոսի մէջ պիտի կատարէ ուսումնամարզական հաւաք:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 
ՊԷՅՐՈՒԹ ՊԱՍՔԵԹԻ ԽՈՒՄԲԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆ ԴԱՐՁԱՒ
 Անցեալ շաբթուան ընթացքին Լիբանանի մէջ տեղի ունեցաւ պասքեթի տղոց ախոյեանութեան աւարտական փուլը, որուն ընթացքին մրցակից դարձան Պէյրութ եւ Ռիատի խումբերը: Սոյն կազմերը իրարու հետ մրցեցան 7 անգամ: Իւրաքանչիւրը երեք յաղթանակ արձանագրեց, ապա Ուրբաթ երեկոյեան անոնք կատարեցին ճակատագրական մրցում մը, որ աւարտին հասաւ ի նպաստ Պէյրութ խումբին՝ 79-62 արդիւնքով:
Աւելցնենք, որ Լիբանանի պատմութեան մէջ Պէյրութը հինգերորդ խումբն է, որ ձեռք կը ձգէ Լիբանանի ախոյեանութիւնը: Այս տիտղոսին նախապէս տիրացած են Ռիատի, Շանվիլ, Հըքմէ եւ ՀՄԸՄ խումբերը:
ԶԻՏԱՆ ՊԻՏԻ ԴԱՌՆԱՅ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՄԷՆԷՆ ԲԱՐՁՐ ՎԱՐՁՔ ՍՏԱՑՈՂ ՄԱՐԶԻՉԸ 
Ըստ Mundo Deportivo-ի, Սպանիոյ Ռէալ Մատրիտի նախկին գլխաւոր մարզիչ Զէնատտին Զիտան այս ամիս պիտի սկսի գլխաւորել Ֆրանսայի ախոյեան Փարիզ Սան Ժերման խումբը, որպէս մարզիչ ստորագրելով երեք տարուան պայմանագրութիւն: 49-ամեայ ֆրանսացի մասնագէտը պիտի փոխարինէ արժանթինցի Մաուրիսիօ Պոչետինոյին եւ պիտի դառնայ աշխարհի ամենաբարձր վարձատրուող մարզիչը։ Զիտանի տարեկան աշխատավարձը կը կազմէ 25 միլիոն եւրօ։
ՓՍԺ-ն համաձայնած է նաեւ Զիտանին տալ ակումբի եւ Ֆրանսայի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի աշխատանքը համատեղելու կարելիութիւնը, եթէ այս տարի Քաթարի մէջ կայանալիք աշխարհի ախոյեանութենէն ետք ան ստանայ այդպիսի առաջարկ մը Ֆրանսայի ֆութպոլի դաշնութենէն:
ՄՈՏՐԻՉ ԵՐԿԱՐԱՁԳԵՑ ԻՐ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ 
Սպանիոյ ախոյեան Ռէալ Մատրիտի վարչակազմը վերանորոգեց խումբի կիսապաշտպան խաղացող Լուքա Մոտրիչի հետ իր պայմանագրութիւնը մինչեւ 2023: Դիմատետրի էջով ակումբի մամլոյ գրասենեակը յայտարարեց նոր պայմանագրութեան լուրը, յայտնելով որ Մոտրիչ թագաւորական խումբին հետ պիտի մնայ մինչեւ 30 Յունիս 2023:
Պատրաստեց՝ Ռաֆֆի Սիւլահեան