Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին նուիրած է երեք տօներ, որոնցմէ Ելն Ի Վիրապն տօնը հայ ժողովուրդին համար մեծ նշանակութիւն ունի, քանզի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ դուրս գալով Խոր Վիրապէն, 301-ին, քրիստոնէութիւնը պետական կրօնք հռչակելով լուսաւորեց հայոց աշխարհը:
 
Արդարեւ, Կիրակի, 19 Յունիս 2022-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, հանդիսապետութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Ելն ի վիրապն եւ համանուն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ, Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ:
Պատարագեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց՝ Վանգուվըրէն ժամանած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբան Հայրերէն Հոգշ. Տ. Գարեգին Վրդ. Շխրտմեան:
 
«Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ եւ թափօրով պատարագիչ Հայր Սուրբը մուտք գործեց եկեղեցի: Պատարագին ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Վարչութեան անդամներ, եկեղեցիներու թաղական խորհուրդներ, բարեսիրական, մարզական եւ մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մեծաթիւ հաւատացեալներ:
Պատարագի հոգեթով շարականները հնչեցին եկեղեցւոյ դպրաց դասին կատարողութեամբ եւ դպրապետ բարշ. Գօգօ սրկ. Տէր Վարդանեանի ղեկավարութեամբ: Եկեղեցւոյ օրհնաբեր կամարներուն ներքեւ հաւատացեալ ժողովուրդը լիցքաւորուեցաւ Սուրբ Պատարագի հոգեպարար արարողութեամբ:
 
Հոգշ. Տ. Գարեգին Վրդ. Շխրտմեան քարոզին սկիզբը յուզումնախառն զգացումներով երախտագիտական խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, մեծ Սուրբի տօնին պատարագելու այս առիթը ընծայելուն համար, յայտնելով որ որպէս մոմակիր դպիր ան այս եկեղեցւոյ մէջ սկսած է դէպի աստուածպաշտութիւն իր առաջին քայլերը առնել եւ այսօր որպէս պատարագիչ հանդէս կու գայ: Ան աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած, Սրբազան Հօր մաղթեց քաջառողջութիւն եւ անսակարկ նուիրումի շարունակականութիւն:
Հայր Սուրբը եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը ձօնեց եկեղեցիէն ներս ծառայող անձերուն՝ դպիրներուն, քահանայից դասուն եւ ժողովուրդին, որոնց աղօթքներով եւ ծառայութեամբ անցնող տարիներուն եկեղեցին պայծառացաւ, ծաղկեցաւ եւ մինչեւ օրս կը շարունակէ իր առաքելութիւնը:
 
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Ելն Ի Վիրապն տօնին մասին խօսելով, Հայր Սուրբը դիտել տուաւ, որ այս տօնը յոյսի եւ հզօրացման պատգամ կը փոխանցէ մեզի: Ինչպէս Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ 13 տարի Խոր Վիրապին մէջ բանտարկուած մնաց, սակայն աղօթքով եւ համբերութեամբ դուրս եկաւ անկէ, նոյնպէս մեր կեանքը լեցուն է դժուարութիւններով եւ տառապանքներով, սակայն առաքեալներու եւ սուրբերու կեանքի օրինակը մեզ կը հրաւիրէ երբեք չյուսահատիլ եւ աղօթքով սպասել Աստուծոյ նախախնամութեան, որովհետեւ Աստուած մեր կողքին է, կը սիրէ եւ կը պահէ մեզ՝ ինչպէս որ Ինք կը կամենայ: Հայր Սուրբը օրուան Ճաշու Աւետարանը (Յհ 10.22-30) մէջբերելով յայտնեց, թէ Քրիստոս կը ճանչնայ իր հետեւորդները եւ կը խոստանայ յաւիտենական կեանք շնորհել անոնց:
 
Սուրբին բարեխօսութիւնը խնդրելով, Տ. Գարեգին մաղթեց, որ Բերիոյ Հայոց Թեմէն եւ յատկապէս այս եկեղեցիէն ներս աղօթքները չդադրին, որպէսզի մեր կեանքը շարունակենք ժպիտով եւ զԱստուած փառաբանելով:
 
Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ կատարուեցաւ անդաստան, որուն ընթացքին հոգեպարար աղօթքներով օրհնուեցան եկեղեցւոյ չորս կողմերը:
Անդաստանէն ետք հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ եկեղեցւոյ ննջեցեալ ծառայողներու հոգիներուն խաղաղութեան համար:
Այնուհետեւ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը Առաջնորդ Սրբազան Հօր Բերիոյ Թեմ ժամանելու երրորդ տարեդարձին առիթով կարկանդակի հատում կատարեց, եկեղեցւոյ դահլիճէն ներս: Եկեղեցւոյ նորանշանակ Թաղականութեան ատենապետ տիար Խաչիկ Շաթոյեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ընտանիքին անունով քաջառողջ եւ արեւշատ տարիներու ծառայութիւն մաղթեց Սրբազան Հօր:
Մասիս Եպիսկոպոս շնորհակալական խօսքերով իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց եկեղեցւոյ Քահանայ Հայրերուն, Թաղականութեան, Աղքատախնամի կազմին, Տիկնանց յանձնախումբին, Դպրապետին եւ Դպրաց Դասին մաղթելով, որ բոլորը մեծ սիրով շարունակեն ծաղկեցնել եկեղեցին եւ անոր ընդմէջէն մեր ժողովուրդի զաւակներուն կեանքը: