Կիրակի, 19 Յունիս 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ սահմանադրական բարձրագոյն դատարանի նախագահն ու անդամները երդման արարողութիւն կատարեցին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատին դիմաց, ներկայութեամբ՝ Սուրիոյ Խորհրդարանի նախագահ Համմուտա Սապպաղի։
Յետ եդրման արարողութեան, նախագահ Ասատ հանդիպում ունեցաւ դատարանի նախագահին եւ անդամներուն հետ: Կողմերը խորհրդակցեցան դատարանի վերաբերող աշխատանքներուն շուրջ, ինչպէս օրէնքներու եւ օրենսդրական հրամանագիրներու սահմանադրականութեա հսկելը, օրէնքները բարեփոխելու կարելիութիւնը սերտելը եւ այլն։