Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան մէջ լրագրողներու հետ հանդիպումին ըսաւ, որ պէտք է իրատես ըլլալ, որովհետեւ Արցախի հարցի համապարփակ կարգաւորումը տակաւին հեռաւոր ապագայի հարց է:

«Անոր համար պէտք է պահենք եւ պահպանենք Արցախը բոլոր միջոցներով: Բոլոր կարելիութիւնները կան. եթէ նոյնիսկ չկայ համապարփակ կարգաւորում, Արցախը պիտի պահպանէ իր կարգավիճակը՝ որպէս անկախ, ինքնիշխան երկիր, մինչեւ տեսնենք՝ ինչ պիտի ըլլայ յաջորդիւ: Ատրպէյճան կը պնդէ, թէ Արցախը առհասարակ գոյութիւն չունի, իսկ մենք եւ միջազգային կառոյցները կը պնդենք հակառակը», ընդգծեց ան: