Շաբաթ, 18 Յունիսի ուշ երեկոյեան հայ-ատրպէյճանական սահմանային գօտիի Վարդենիսի հատուածին մէջ թշնամիի կրակոցէն ժամկէտային զինուոր մը զոհուած է: Տեղեկութիւնը «Երկիր»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին հաստատեց Վարդենիսի աւագանիի «Միասնական Վարդենիս» դաշինքի անդամ Դաւիթ Շահնազարեան: Այս պահուն իրավիճակը հանգիստ է: Յիշեցնենք, որ տակաւին անցած տարուան մայիս ամիսէն թշնամիին զօրքը ներխուժած է Գեղարքունիքի եւ Սիւնիքի մարզեր, դիրքաւորուած ռազմավարական նշանակութեան բարձունքներու վրայ: Ըստ «Նիուզ»-ին, զոհուած ժամկէտային զինուոր 19-ամեայ Հրաչ Փիլիպոսեանը Արագածոտնի մարզի Բիւրական գիւղէն էր, մէկ տարուան զինուոր: