Երկուշաբթի, 20 Յունիս 2022-ին, սուրիական բանակի հրամանատարութիւնը յայտնեց, որ առաւօտեան ժամը 6:30-ին, Ռաքքա-Հոմս մայրուղիին վրայ գտնուող «Ճիրէ» շրջանին մէջ քաղաքային ճամբորդութեան փոխադրակառք մը ահաբեկչական յարձակումի ենթարկուեցաւ։
Ահաբեկչական յարձակումին հետեւանքով 11 զինուոր եւ 2 քաղաքային զոհուեցան եւ երեք ուրիշներ վիրաւորուեցան։