Ռուսիոյ եւ Իրանի միջեւ եւրասիական եւ կովկասեան տարածաշրջաններու մէջ գործակցութեան ընդլայնումի հարցերը պիտի քննարկուին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Լաւրովի Թեհրան այցելութեան ընթացքին, որ պիտի սկսի 22 Յունիսին։ Այս մասին յայտնած է IRNA գործակալութիւնը։
Աւելի ուշ Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան խօսնակ Սաիտ Խատիպզատէն յայտնած էր, որ Լաւրովի այցելութեամբ բանակցութիւններ պիտի կատարուին եւրասիական եւ կովկասեան տարածաշրջաններու մէջ Ռուսիոյ եւ Իրանի միջեւ գործակցութեան ընդլայնումին համար։