Չորեքշաբթի, 22 Յունիս 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ թրքական ուժերը անգամ մը եւս հրթիռակոծեցին Հասիչէի արեւմտեան արուարձանը, որուն հետեւանքով Թալ Թամրի ելեկտրածին կայանը վնասուեցաւ եւ աշխատանքէ դադրեցաւ։ Հասիչէի ելեկտրականութեան ընկերութեան տնօրէն Անուար Աքլէ ՍԱՆԱ-ի թղթակիցին յայտնեց, որ ընկերութենէն խմբակներ անմիջապէս ուղղուեցան Թալ Թամրի ելեկտրածին կայան եւ նորոգութեան աշխատանքը սկսան՝ ելեկտրականութեան հոսքը դէպի Հասիչէ ամենամօտ ժամանակամիջոցին վերականգնելու համար։